ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրոպական խորհրդարանի անդամները կ՛ահազանգեն Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան ոչնչացման եւ իւրացման վտանգին մասին` դատապարտելով հայկական եկեղեցիները իբրեւ «աղուանական» (Կովկասի ալպանական) ներկայացնելու եւ անոնցմէ հայկական հետքերը ջնջելու Ատրպէյճանի մշակոյթի նախարարութեան նախաձեռնութիւնը: Եւրոպացի պատգամաւորները «Թուիթըր»ի վրայ կոչ ուղղեցին միջազգային հանրութեան՝ գործի անցնելու եւ դատապարտելու Ատրպէյճանի այդ գործողութիւնները:
«Միջազգային հանրութիւնը պէտք է հիմա իսկ գործի լծուի: Մենք պէտք է դատապարտենք եւ կասեցնենք Արցախի մէջ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան խեղաթիւրման, աղաւաղման եւ ոչնչացման որեւէ փորձ», գրեց Եւրոպական խորհրդարանի կիպրացի պատգամաւոր Տեմեթրիս Փափատաքիս:
Ատրպէյճանի մշակոյթի նախարարութեան աղմկայարոյց նախաձեռնութեան անդրադարձաւ նաեւ հոլանտացի պատգամաւոր Փեթեր վան Տալեն` գրելով, որ Ալիեւի յանցագործութիւնները սահման չունին:
«Ատրպէյճան յայտարարած է, թէ կը ծրագրէ ջնջել հայկական հետքերը եկեղեցիներէն: Եւրոպական խորհրդարանը, Ֆրանսուա Ալֆոնսինը (Եւրախորհրդարանի անդամ), Սիլվի Կիյոմը (Եւրախորհրդարանի անդամ) պէտք է դատապարտեն այս մշակութային ցեղասպանութիւնը», յայտարարեց ան: