Բարձր հովանաւորութեամբ Արամ Ա. վեհափառին, Կիրակի, Փետրուար 14ին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ՝ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով։ Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան։
Առաւօտեան ժամը 10։15ին, ՀՅԴ «Ազիրեան» ակումբին դիմաց տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն ի պատիւ հայրապետին։ Ներկայ էին պետական երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, Ազգային վարչութեան անդամներ, ազգային երեսփոխաններ, Պուրճ Համմուտի եւ Այնճարի քաղաքապետներ, եկեղեցւոյ թաղականութեան անդամներ, շրջանի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, բարերարներ եւ հոծ բազմութիւն։ Վեհափառը դիմաւորուեցաւ ծաղկեփունջով եւ տեղի ունեցաւ ոչխարի զենում։ Ապա, ՀՄԸՄի շեփորախումբը նուագեց Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները, որմէ ետք, թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Ս. Սարգիս եկեղեցի, ուր դարձեալ տեղի ունեցաւ ոչխարի զենում, աղ ու հացի օրհնութիւն, ապա ՀՄԸՄի շեփորախումբը նուագեց «Կիլիկիա» մաղթերգը, որմէ ետք կաթողիկոսը մուտք գործեց եկեղեցի։
Պատարագի աւարտին հայրապետին ձեռամբ կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւն։
Այնուհետեւ, առաջնորդ սրբազան հայրը ողջունեց վեհափառ հօր ներկայութիւնը աւելցնելով, որ հայրապետը շարունակաբար մեր ժողովուրդին հետ է։
Իր Հայրապետական պատգամին մէջ, վեհափառը կատարեց հետեւեալ յիշեցումները եւ թելադրութիւնները.
ա) Հարկ է, որ մենք միասնաբար եկեղեցի դառնանք։ Կ՛ուզեմ շեշտել՝ եկեղեցի՛ դառնանք։ Մեր ժողովուրդը կոչուած է իր մասնակցութիւնը բերելու եկեղեցւոյ կեանքին ու վկայութեան։
բ) Պէտք է մասնակից դառնանք Լիբանանի մեր հաւաքական վերականգնումին՝ որպէս հայ համայնք։
գ) Իմ թելադրութիւնս է աշխարհի տարածքին ապրող բոլոր սիսեցիներուն՝ մի՛ մոռնաք ձեր անցեալը, մի՛ մոռնաք ձեր արմատները, մի՛ մոռնաք Ս. Սարգիս եկեղեցին, մի՛ մոռնաք այս Նոր Սիս թաղը եւ ձեր կապուածութիւնը պէտք է գործնապէս արտայայտէք այս եկեղեցւոյ, այս թաղին, այստեղ ապրող, գործող եւ ծառայող կառոյցներուն եւ շրջանի մեր ժողովուրդի զաւակներուն նկատմամբ։
Եզրափակելով իր խօսքը՝ վեհափառը մաղթեց, որ Ս. Սարգիսի կեանքէն, առաքելութենէն բխող արժէքներն ու արժանիքները մեր կեանքին մէջ թարգմանենք։
Պատարագը աւարտեցաւ «Կիլիկիա» քայլերգով։