Կարսէն Անգարա մեկնած պատուիրակութեան անդամները հանդիպում ունեցան Թուրքիոյ առեւտուրի նախարար Մեհմետ Մուշի հետ, կը հաղորդէ թրքական «ԿազեթէՔարս»ը:
Հանդիպումին ընթացքին Կարս նահանգի ղեկավարին գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները եւ Թուրքիոյ առեւտուրի նախարարը քննարկեցին Հայաստանի հետ սահմանի բացման հարցը: