Պէյժինկի մէջ տեղի ունեցող Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերուն, Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Նէյթըն Չեն տղոց գեղասահքի մրցումներուն համաշխարհային մրցանիշ մը հաստատեց` ապահովելով 113․97 կէտ: Նախկին մրցանիշը 111․82 կէտ էր եւ անիկա հաստատուած էր 2020ին:
Չենի մարզիչն է հայազգի Ռաֆայէլ Յարութիւնեան, որ 11 տարի առաջ սկսած է մարզել Չենը։
Միւս կողմէ, Հայաստանի դահուկավազքի հաւաքականի անդամ Քաթիա Գալստեան 90 մասնակցողներուն մէջ գրաւեց 80րդ դիրքը: Ան պիտի մասնակցի նաեւ 10 քլմ․ դասական ոճի մրցումին:
Աւելի կանուխ, Հայաստանի դահուկավազքի հաւաքականի անդամ Միքայէլ Միքայէլեան 70 մասնակցողներուն մէջ գրաւեց 47րդ դիրքը: