ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- 8 Փետրուարին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ որոշած է նեցուկ կանգնիլ Լոս Անճելըսի քաղաքապետի պաշտօնին թեկնածու Քեւըն տէ Լէոնի ընտրապայքարին։
«Իր քաղաքական ասպարէզին ընթացքին, Քեւըն տէ Լէոն փաստած է, թէ հայ համայնքին մօտիկ բարեկամ մըն է՝ զօրակցելով մեր շարք մը նախաձեռնութիւններուն եւ լրջօրէն անսալով մեր մտահոգութիւններուն», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան։
Յիշեցնենք, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը իր 2014ի տարեկան ձեռնարկին ընթացքին «Տարուան Օրէնսդիրը» մրցանակը շնորհած էր տէ Լէոնին:
Մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուող տէ Լէոն շնորհակալութիւն յայտնեց այս զօրակցութեան համար, զայն մեծ պատիւ մը որակելով։
Ներկայիս Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ տէ Լէոն 2006ին ընտրուած էր Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի, իսկ 2010ին՝ նահանգային Ծերակոյտի անդամ, ներկայացնելով Փոքրիկ Հայաստան շրջանը եւ ամէն տարի, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւերը ջատագովելու կողքին կենսական դերակատարութիւն ունեցած է Ամերիկահայութեան թանգարանին համար 3 միլիոն տոլարի աջակցութիւն ապահովելուն մէջ, ինչպէս նաեւ նահանգային վարժարաններուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման ծրագիրի ընդարձակման պայմանը պարունակող 10 միլիոն տոլարի կրթական բանաձեւի վաւերացման ջանքերուն մէջ։
Ան նաեւ օժանդակութիւններ ապահոված է ՀՕՄի Ընկերային ծառայութեան Հոլիվուտի գրասենեակին, իրականացուցած է թիւ 101 ազատուղիին վրայ Փոքրիկ Հայաստանի ելքերը ծանուցող ցուցանակներու տեղադրումը եւ կարելի դարձուցած է Հոլիվուտի «Համբաւի Ճեմուղի»ին վրայ աշխարհահռչակ երգիչ, դերասան եւ բարերար Շարլ Ազնաւուրի նուիրուած աստղի մը զետեղումը: