
ԱԼԹԱՏԻՆԱ.- Կազմակերպութեամբ «Թէքէեան» Մշակութային Միութեան, Հինգշաբթի, 24 Փետրուարին, երեկոյեան ժամը 7։30էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ Երուանդ Ազատեան՝ «Ազգային-Քաղաքական Յորձանուտին Մէջ» հատորներուն շնորհահանդէսը, հովանաւորութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք․ Տէրտէրեանի։
Գիրքերը պիտի ներկայացնէ տոքթ․ Գրիգոր Սիմոնեան։
եռնարկը տեղի պիտի ունենայ Ալթատինայի ԹՄՄ «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնին մէջ (1901 Allen Ave., Altadena, CA 91001)։