
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան վարչութեան նիստին քննարկուեցաւ Հայաստանի բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարար Վահագն Խաչատրեանը Հայաստանի նախագահական թեկնածու առաջադրելու հարցը:
Այս մասին յայտնեցին Հանրային պատկերասփիւռի կայանէն:
Վահագն Խաչատուրեան տակաւին կանուխ նկատեց անդրադառնալ իր՝ նախագահի թեկնածութեան շուրջ խօսիլը, որովհետեւ տակաւին չկայ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահի որոշումը, որմով կը դադրեցուին գործող նախագահի լիազօրութիւնները: Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց Խաչատուրեան՝ աւելցնելով, որ այդ խօսակցութիւնները պէտք է ծաւալին 1 Փետրուարին, երբ կը տրուի Ազգային ժողովի նախագահի որոշումը:
«Գեղեցիկ չի լինի, որ այսօր որեւէ մեկնաբանութիւն անենք: Նաեւ դեռեւս մարդը (ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան-Խմբ.) հնարաւորութիւն ունի դիմումը յետ վերցնելու», յայտնեց Խաչատուրեան: Պատասխանելով իր թեկնածութեան վերաբերող հարցումի մը՝ ան ըսաւ. «Տեսականօրէն պէտք է շրջանառուէր, հաշուի առնելով այն բոլոր չափանիշները, որ ես ունեմ՝ 40 տարեկանից բարձր ՀՀ քաղաքացի, ճանապարհ անցած մարդ, նաեւ Բարձր տեխնոլոգիական արդիւնաբերութեան նախարար, կարելի էր ենթադրել, որ ես կարող եմ այդ ցուցակում յայտնուել, հաշուի առնելով նաեւ այն, որ այսօրուայ կառավարութեան, նաեւ քաղաքական թիմի անդամ եմ»:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան իր հրաժարականը 23 Յունուարին ներկայացուց: