
ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն»․- Թուրքիոյ «Քոչ» համալսարանը խզած է օսմանեան պատմութեան մասին գիրքի մը պայմանագիրը՝ հեղինակին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրը գործածուած ըլլալուն համար, կը կը յայտնէ խմբագիր Օնուր Ինալ:
Համալսարանը պահանջած է ջնջել կամ վերաշարադրել համապատասխան հատուածը, եւ այնուհետեւ խզած է պայմանագիրը, երբ Ինալ եւ համախմբագիր Եաւուզ Քէօսէ մերժած են:
«Հրատարակիչին յայտնեցինք, որ խնդրոյ առարկայ եզրը պարունակող նախադասութիւնը մէջբերում է մէկ այլ գործէ, եւ թարգմանութիւն մը, որ հաւատարիմ չի մնար բնագիրին, կը համարուի գրաքննութիւն: Պայմանագիրին չեղարկումը կը հակասէ ակադեմական ազատութեան եւ հրատարակչական վարքագիծին», կը նշեն ակադեմականները: