
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ-ամերիկեան թանգարան եւ մշակութային կեդրոնը կը տեղեկացնէ, թէ Brandview Ballroom շքեղ սրահին մէջ իրականացուցած է ընդունելութիւն մը, երախտագիտութիւն յայտնելու համար թանգարանի ծրագրին իրականացման նպատակով սպասարկութիւններ մատուցած աւելի քան 150 կամաւորներուն։
Ընդունելութեան մասնակցեցան շինարարական, մնայուն ցուցահանդէսներու եւ երիտասարդ արհեստավարժներու յանձնախումբերու անդամները ու շարք մը այլ կամաւորներ, որոնք տարբեր միջոցներով զօրակցած են թանգարանի ծրագիրին։
Թանգարանի գործադիր մարմինի ատենապետ Պերճ Կարապետեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ թանգարանի հոգաբարձութեան ու վարչութեան երախտագիտութիւնը փոխանցեց անոնց մատուցած սպասարկութիւններուն համար, որոնց շնորհիւ ծրագիրը յատկանշական յառաջխաղացք ապահոված է։
Մարիսոլ Էսփինոզա Պերճ Կարապետեան Շանթ Սահակեան
Ելոյթներ ունեցան նաեւ թանգարանի գործադիր վարիչը՝ Շանթ Սահակեան, եւ ընդունելութիւնը հովանաւորած SoCalGas ընկերութեան ներկայացուցիչ Մարիսոլ Էսփինոզա։
Յիշեցնենք, որ Կլենտէյլի քաղաքամէջը կառուցուելիք թանգարանին հիմնարկէքը տեղի ունեցաւ անցեալ տարի։ Արդէն իսկ կառուցելու սկսած երկյարկանի Հայ-ամերիկեան թանգարանը պիտի ունենայ ամերիկահայութեան նուիրուած մնայուն հաւաքածոյ մը, ինչպէս նաեւ պարբերաբար պիտի հիւրընկալէ զանազան մշակոյթներու եւ նիւթերու նուիրուած ցուցահանդէսներ ու ձեռնարկներ: Անիկա պիտի ունենայ թատերասրահ մը, կրթական բաժին մը, արխիւներ, ճաշարան մը եւ վաճառատուն մը:
Թանգարանի ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել www.armenianamericanmuseum.org կայքը: