ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 22 Յունուարին, Ստեփանակերտի ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կեդրոնը այցելեցին «Ճենեսիս Արմէնիա» գիտահետազօտական ուղեղային կեդրոն-հիմնարկի ներկայացուցիչները՝ Աբրահամ Գասպարեանի գլխաւորութեամբ: Հիւրերը ընդունեցին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիյեան եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրանական կոմիտէի անդամ Արա Պուլուզեան:
Միտքերու փոխանակման ընթացքին, ներկայացուեցան գործնական գործակցութեան առաջարկներ, որոնք կը վերաբերին ապահովութեան, տնտեսական, կրթական հիմնահարցերուն եւ Արցախի հարցը միջազգային հարթակներու վրայ ներկայացնելու անձնակազմի պատրաստութեան դասընթացքներուն, Աղաւնոյի ու Մարտունիի մէջ իրականացուող գործնական նախաձեռնութիւններուն:
Երկու կողմերը հանդէս եկան աւելի աշխոյժ գործակցելու եւ կազմակերպուող նախաձեռնութիւններուն երիտասարդներու մասնակցութիւնը խրախուսելու առաջարկներով: