ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի քննչական կոմիտէի զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութեան ութերորդ կայազօրային քննչական բաժինին մէջ քննուող քրէական գործով պարզուեցան ժամկէտային զինուոր, շարքային Մովսէս Թադեւոսեանի մահուան հանգամանքները, ըստ որոնց, զայն մահացու կերպով վիրաւորած է անոր համածառայակիցը: Վերջինիս մեղադրանք առաջադրուեցաւ Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 104րդ յօդուածի առաջին մասով եւ անոր նկատմամբ իբրեւ խափանման միջոց որդեգրուեցաւ բանտարկութիւնը: Կը կատարուի նախաքննութիւն:
31 Դեկտեմբեր 2021ին, մարտական դիրքին մէջ աջ յօնքի հատուածին մէջ փամփուշտ ստացաւ շարքային Մովսէս Արամայիսի Թադեւոսեան, որ հիւանդանոց փոխադրութեան ճամբուն վրայ մահացաւ։