ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Թուրքիոյ նախագահական պալատին մէջ, Թուրքիոյ հրէական համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ «Իսլամական պետութիւններու մէջ ռաբբիներու դաշինք» կազմակերպութեան անդամներուն հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ Իսրայէլի հետ տնտեսական եւ առեւտրական մարզերուն մէջ յարաբերութիւնները կը զարգանան: Ան նաեւ խոստացաւ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները մօտ օրէն բնականոնացնել:
«Թուրքիոյ մեծագոյն փափաքը Միջին Արեւելք մըն է, ուր բոլոր կրօնական համայնքները, տարբեր ցեղային ու ազգային փոքրամասնութիւնները միասնաբար խաղաղութեամբ կ՛ապրին», նշեց Էրտողան՝ աւելցնելով. «Իսրայէլի կառավարութեան ուղղուած մեր զգուշացումներուն նպատակը Միջին Արեւելքի մէջ երկարատեւ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելն է: Պաղեստինեան դատին վերաբերեալ, մասնաւորաբար Երուսաղէմի վերաբերեալ որդեգրուելիք որեւէ քայլ ո՛չ միայն պաղեստինցիներու ապահովութեան եւ կայունութեան պիտի նպաստէ, այլ նաեւ Իսրայէլը պիտի ներառէ: Ուստի, վերջերս թէ՛ Իսրայէլի նախագահ Իսհաք Հերցոկի, թէ՛ վարչապետ Նաֆթալի Պենեթի հետ դարձեալ վերականգնուած երկխօսութիւնը կարեւոր կը նկատեմ», յայտնեց Էրտողան՝ մատնանշելով շրջանի կայունութեան մէջ թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններու կենսական կարեւորութիւնը:
Ան վստահութիւն յայտնեց «Երուսաղէմի գծով գտնելու լուծում մը, որ բոլոր կրօնական համայնքներուն զգայնութիւնները նկատի կ՛ունենայ»՝ շեշտելով, որ պէտք է բոլորը զօրակցին «մասնաւորաբար արեւմտեան երկիրներուն մէջ աճ արձանագրելու սկսած իսլամութեան նկատմամբ ատելութեան, հակասեմականութեան եւ այլատեացութեան դէմ պայքարին»: