ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- Վանի Գիւրփընար (Հայոց Ձոր) գաւառին պատկանող Էրքալտը գիւղը շուրջ մէկ դար է, որ կը յիշատակուի կոչուիլ «Հնդկաստան» անունով: Գիւղի մուտքին մօտ տեղակայուած վահանակներուն վրայ նշուած այդ զոյգ անունները զարմանք կը յառաջացնեն անցորդներուն մօտ, կը գրէ թրքական «Սապահ» թերթը:
Ըստ աղբիւրին՝ ներկայիս մօտաւորապէս 300 բնակիչներ ունեցող այս գիւղը արդէն տասնամեակներէ ի վեր յայտնի է «Հնդկաստան» անունով: Հնդկաստանի հետ ոչ մէկ կապ ունեցող այս գիւղը այդպէս կոչուած է հայերու կողմէ, որոնցմէ մնացած տուներու հետքերը տակաւին կը պահպանուին գիւղին մէջ:
Գիւղը, իր այդ անունին շնորհիւ, կը շարժէ տեղացի եւ օտար զբօսաշրջիկիներու հետաքրքրութիւնը: Ըստ գիւղապետ Հալիլ Թաշերի՝ իրենցմէ առաջ հայեր ապրած են գիւղին մէջ (վստահաբար անիկա ամբողջովին հայկական եղած էր, «Ակունք») եւ որ այստեղ ենթադրաբար եղած են 2 հայկական եկեղեցիներ, որոնք սակայն քանդուած են: Եկեղեցիներէն մէկուն աւերակներուն վրայ գիւղի մզկիթը կառուցուած է:
Թաշեր նաեւ յայտնեց, որ նախապէս հոն խաղող, ընկոյզ եւ տանձ կ՛աճէին, սակայն այսօր չեն աճիր (գիւղատնտեսութիւնը նահանջ ապրած է Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, «Ակունք»): Ըստ անոր՝ անասնապահութիւնը եւ այգեգործութիւնը բաւարար չափով զարգացած չըլլալնուն պատճառով, գիւղի երիտասարդ բնակիչները կը նախընտրեն հեռանալ գիւղէն: