ՏԱԹԵՒԻԿ ԱՂԱՃԱՆԵԱՆ
Ասկերանի շրջանի Կարմիր գիւղը հարիւրամեակներու պատմութիւն ունի: Նախապէս գիւղը Տռնավարզ կը կոչուէր, եւ այս անունը յառաջացած է «Տէր Ավեզ» անունէն, որ այս բնակավայրի հիմնադիրը եղած է: Նախկին բնակավայրը կը գտնուի 1.5 քլմ. հեռաւորութեան վրայ՝ Կալերահող տեղամասին մէջ: Անիկա լեռնային գիւղ է եւ տեղադրուած է Բովուրխան լերան հարաւային լանջին. բարձրութիւնը ծովու մակերեւոյթէն 1400 մեթր է: Կլիմայական պայմանները համեմատաբար ցամաքային են:
Կարմիր գիւղը կը գտնուի Ասկերանի կեդրոնէն 43 քլմ. դէպի հարաւ, իսկ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտէն՝ 23 քլմ. հեռաւորութեան վրայ:
1920ին, գիւղին մէջ, ինչպէս նաեւ Շուշիի մէջ, թրքական մուսաւաթական խումբերը համատարած սպանդներ կը կազմակերպեն: Գիւղը աւերելէ եւ թալանելէ, կանանց, մանուկներու նկատմամբ վայրագութիւններ կատարելէ ետք, անոնք 80 տղամարդեր ծեծելով կը հասցնեն Շուշի, ուր անոնցմէ 73ը գազանաբար կը սպաննեն, իսկ եօթը հոգի միայն հրաշքով ողջ կը մնան: 1921ին գիւղը Կարմիր գիւղ վերանուանուած է: 1920ին այստեղ եղած են 1800 բնակիչներ: 1987ին կաային 72 տուներ եւ 198 բնակիչներ:
Բովուրխանա վանք
Բնակչութեան հիմնական զբաղումը անասնապահութիւնն է, հացահատիկի մշակութիւնը եւ այգեգործութիւնը: Անիկա ելեկտրականացուած է 1963ին: 1840ական թուականներուն այնտեղ գործած է ծխական դպրոց մը: 1894ին այստեղի դպրոցին մէջ կ՛ուսանէին 65 աշակերտներ: 1987ին դպրոցին մէջ կային 62 աշակերտներ եւ 19 ուսուցիչներ: Այս գիւղին մէջ ծնած են բժշկական գիտ. տոքթոր, դասախօս Քրիստափոր Պետրոսեան, դիւանագէտ Վալենտին Իսրայէլեան եւ մարքսիստ փիլիսոփայ Արմէն Տէր Մանուէլեան: Հայրենական մեծ պատերազմին մասնակցած են 160 անձեր, զոհուած են անոնցմէ 102ը, որոնց յիշատակին կառուցուած է յուշարձան մը:
Գիւղին մէջ նշանաւոր են Վալադանց, Մեծ ջուր եւ Թղկէ աղբիւրները: Նշանաւոր են նաեւ Սուրբ Աղին Նահատակ եկեղեցին եւ Բովուրխանա վանքը: Վերջինս անիկա մեծ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ճարտարապետական համալիր է, բաղկացած է եկեղեցական, բնակելի, օժանդակ շէնքերէ եւ պարիսպներէ: Անիկա կառուցուած է խիտ անտառապատ, գեղատեսիլ լերան վրայ: Գիւղի եկեղեցին կառուցուած է 1941ին եւ անխնամ վիճակի մէջ է:
Գիւղի պատմութեան մօտէն տեղեակ է Կարմիր գիւղի միջնակարգ դպրոցի ռուսերէնի ուսուցիչ Հրանդ Աւետիսեան, որ կը նշէ, թէ ջուրի սակաւութեան պատճառով գիւղացիները տեղափոխուած են ներկայ բնակավայրը, իսկ գիւղի Դերավազ եւ Տրնաւազ անուանումները ծագած են տէր Արտաւազդ անունով հոգեւոր հոր անունէն: Կարմիր գիւղը իր ներկայի անուանումը ստացած է խորհրդային ժամանակներէն, երբ գիւղացիները բերքով լեցուն սայլերը կարմիր դրօշներով կը տեղափոխէին որոշուած կեդրոնը:
Արցախեան առաջին պատերազմին, երկու անգամ վիրաւորուած, հարազատ եղբայրը կորսնցուցած Հրանդ Աւետիսեան վերջին պատերազմին մասնակցութիւն բերաւ, անշուշտ տարիքի բերմամբ՝ առաջին դիրքերէն հեռու: Աւետիսեան կը հաստատէ, թէ այս պատերազմը բոլորովին տարբեր էր նախորդէն:
«Ցաւոտ պատերազմ էր, հետեւանքներով, զոհերի անհամաչափութեամբ: 1990ական թուականներին պատերազմական չորս տարում այսքան զոհ չենք տուել: Մեր զինուորը չի պարտուել, ժողովուրդը չի պարտուել, պարտուել է ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը», կը հաստատէ ան եւ համոզուած է, որ դաւաճանութիւն կատարուած է:
«Հնարաւոր չէ, որ պարտուած պետութեան ղեկավարը մնայ իր տեղում: Միայն ինքնասիրութիւնը կորցրած մարդիկ կարող են նման իրավիճակում, նման ամօթալի պարտութիւնից յետոյ նորից յանդգնեն շարունակել իրենց քաղաքականութիւնը: Միգուցէ թրքական հետախուզական աշխատանքների արդիւնք է: Այս պայմաններում հասարակ ժողովրդից շատ բան կախուած չէ, հարցը պէտք է լուծուի վերեւներում՝ հզօր պետութիւնների, միջազգային կառոյցների գրասենեակներում», կը շեշտէ Աւետիսեան՝ աւելցնելով, թէ անցած տարիներուն, Հայաստանի դիւանագիտութիւնը պէտք է աշխատէր, որ Արցախի կարգավիճակի հարցը անորոշ չմնար:
Կարմիր գիւղը այն եզակի գիւղերէն էր, ուր խորհրդային օրերուն մեծ թիւով ատրպէյճանցիներ կ՛աշխատէին: Անոնք գիւղին մէջ չէին ապրեր, այլ՝ մօտակայ հողափոր հիւղակներու մէջ:
Այժմ սովորական դարձած է թշնամիին տիրապետութեան տակ գտնուող դրացի բնակավայրերէ լսուող պայթումի ձայները եւ ատրպէյճանական դիրքերէ արձակուող կրակոցները:
Պատերազմէն ետք, հետզհետէ Կարմիր գիւղը վերադարձաւ սովորական եւ առօրեայ կեանքին: Գիւղացիները կը զբաղին անասնապահութեամբ եւ կանաչեղէնի մշակութեամբ: Ամրան ամիսներուն տակաւինկայ ջուրի սակաւութեան հարցը: Բայց, ինչպէս Արցախի այլ վայրերու մէջ, տեղացիներուն շատ աւելի մտահոգութիւն կը պատճառէ եւ կը յուզէ Արցախի կարգավիճակի հարցը եւ ապագան:
Սուրբ Աղին նահատակ եկեղեցի
«Մեր ապագան լուսաւոր եմ պատկերացնում, միշտ լաւատես եմ եղել նման իրավիճակներում, բայց միեւնոյնն է, դրութիւն պէտք է փոխուի, իշխանափոխութիւն լինի», կը նշէ Աւետիսեան՝ ինքնավստահութիւն ներշնչելով:
Ըստ Կարմիր գիւղի մէկ այլ բնակիչի՝ Սուսաննա Աւետիսեանի, անկախութիւնն է, որ պիտի փրկէ Արցախը: «Եթէ անկախ լինենք, հնարաւոր է այստեղ ապրել, իսկ Ատրպէյճանի կազմում անհնար է: Նախիջեւանի նման կամաց-կամաց հայաթափուելու է: Հայրս սպաննուած է 1974ին, մօտակայ Պատարայի անտառում, ազերիների կողմից, պարզապէս որովհետեւ հայ էր: Բնութեան պահպանութեան վարչութիւնում էր աշխատում, միշտ անտառներում էր: Թուրքերն էլ տեսել են հայ մարդ է, սպաննել են, տերեւներով ծածկել: Հօրս հետ մի տղայ էլ կար ուրիշ հեռաւորութեան վրայ, ինքն է տեղը ցոյց տուել: Սպաննողին դատել են, հինգ տարի են տուել, մէկ-երկու տարի է բանտ նստել: Այդ ամէնը Խորհրդային Միութեան կազմում: Իմ աչքի առաջ է սա եղել: Այսքանը տեսնելով, Շարժումը, այսքան զոհը տեսնելով` ես թուրքի մասին լաւ չեմ կարող մտածել: Նրանց համար հաճոյք է հայի արիւն թափելը: Նրանց մէջ դա է մարմնաւորուած, հայի նկատմամբ թշնամութիւնը միշտ էլ եղել է: Ես չեմ հաւատում միասին, համերաշխ ապրելուն, ինչքան էլ ասեն», կը յայտնէ Սուսաննան, որ լաւապէս կը յիշէ, թէ նախքան Արցախեան շարժումը գիւղին մէջ մի քանի ատրպէյճանցի ընտանիք կ՛ապրէր, զբաղուելով անասնաբուծութեամբ:
Այդ ընտանիքէն աղջնակ մը հայերու հետ հայկական դպրոց այցելած է եւ ապա, բարձրագոյն կրթութիւն ստացած եւ գիւղէն ներս ռուսերէն կը դասաւանդէր: Առաջին պատերազմի բռնկումէն ետք, ան վերադարձած է Ատրպէյճան ու հոնտեղէն ալ հակահայկական կոչեր կը կատարէր: Այս պատերազմին, Սուսաննայի մտքէն չէր անցներ, որ պիտի պարտուէինք: Ան միշտ ալ հայ զինուորներով կը հպարտանար եւ համոզուած էր, որ պիտի յաղթենք: «Ատրպէյճանը չէ կռուած, Թուրքիան է մեր դէմ ճակատողը», կ՛եզրակացնէ ան, շեշտելով, որ կը փափաքի անվտանգ եւ առանց թուրքերու ներկայութեան ապրիլ:
Աղբիւրներ՝ «Ապառաժ», «Արդի» եւ «Ուիքիփետիա»