
ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Շաբաթ, 11 Դեկտեմբերի երեկոյեան, առցանց տեղի ունեցաւ «Հայաստանի մանուկներ» բարեգործական հիմնադրամի (ՔՈԱՖ, COAF) տարեկան 18րդ դրամահաւաքի ձեռնակը, որուն ընթացքին կարելի եղաւ 8.4 միլիոն տոլար գոյացնել։
«Հայրենիքի կանչով» խորագիրին տակ տեղի ունեցած ձեռնարկին հասոյթը պիտի յատկացուի Հայաստանի գիւղական շրջաններուն մէջ արդի դաստիարակչական SMART կեդրոն մը հաստատելու նպատակին։ Կեդրոնը պիտի կառուցուի Արմաւիրի մարզին մէջ։ Նման կեդրոն մը արդէն իսկ կը գործէ Լոռիի մարզին մէջ եւ ցարդ սպասարկութիւններ մատուցած է առաւել քան 2500 աշակերտներու եւ անոնց ընտանիքներուն, շրջանի 27 համայնքներու մէջ։
Այս տարուան ձեռնարկին 5 միլիոն տոլարի գումար մը տրամադրուեցաւ անանուն նուիրատունի մը կողմէ, իսկ կազմակերպութեան երկար տարիներու զօրակցողներ շարունակեցին իրենց լուման դնել ի սպաս անոր առաքելութեան։
Արդարեւ, Վահէ Ֆաթթալի անուան հիմնարկութեան նուէրին շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ Արմաւիրի SMART կեդրոնին մէջ հաստատել թուային ձեւաւորման կեդրոն մը։ Նաեւ, կազմակերպութեան հիմնադիր եւ ատենապետ Կարօ Արմէնեան 1 մէկ միլիոն տոլար եւս նուիրեց այս նպատակին համար։

Այլ յատկանշական նուիրատուութիւններ կատարեցին՝ Արմէն եւ Ժանէթ Աւանէսեանները եւ ընտանիքը (150,000 տոլար), JHM հիմնարկութիւնը (150,000 տոլար), Ճէք եւ Զարիկ Եուրէճեանները, Փիթըր եւ Մարլին Սարգիսեանները ու «Աճէմեան» հիմնարկութիւնը (105,000 տոլար), Վիքթոր Ծառուկեան եւ Ճուտիթ Սարեան (100,000 տոլար, որուն 50,000ը պիտի տրամադրուի Արցախի մէջ ՔՈԱՖի գործունէութեան զարգացման), անանուն (100,000 տոլար), Հայկ եւ Հիլտա Մանճիկեաններ (100,000 տոլար) եւ Մայքըլ Փանոսեան եւ ToughBuilt Industries ընկերութիւնը (100,000 տոլար)։
Նաեւ, «Թաքոր»ի եւ «Լեւոն Թրէվըլ» հաստատութիւնները նուէրներ տուած էին ձեռնարկին վիճականութեան համար։
Ձեռնակը վարեցին Լոս Անճելըսի FOX 11 կայանի Good Day LA յայտագիրի հաղորդավար Արաքսիա Կարապետեան, ՔՈԱՖի զարգացման հարցերու տնօրէն Հայկ Պոյաճեան, համաշխարհային հռչակ վայելող աճուրդավար Կապրիէլ Պութու, USArmenia կայանի հաղորդավար Արմինէ Ամիրեան եւ «Թոնի» մրցանակի արժանացած դերասանուհի Անտրէա Մարթին։
2004էն ի վեր, ՔՈԱՖ բարեգործական կազմակերպութիւնը աշխատանք կը տանի բարձրացնելու Հայաստանի գիւղաբնակնեուի կեանքի որակը, համայնքային զարգացման երեխայակեդրոն շարք մը ծրագիրներու միջոցով: Ցարդ կրթական, առողջապահական, ընկերային եւ տնտեսական ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ համայնքներու համար կենսական նշանակութիւն ունեցող ենթակառուցներու նորոգութեան ծրագիրներ իրականացուած են Հայաստանի Արմաւիրի, Արագածոտնի, Լոռիի, Գեղարքունիքի, Շիրակի եւ Տաւուշի մարզերու 64 համայնքներու մէջ, որոնցմէ օգտնուած են առաւել քան 107,000 բնակիչներ:
2015էն սկսեալ, ՔՈԱՖը սկսաւ մշակել եւ արդէն կ՛իրագործէ նոր տեսլական մը՝ ՍՄԱՐԹ նախաձեռնութիւնը, որ կրթութեան միջոցով յառաջխաղացում կ՛ապահովէ Հայաստանի գիւղական շրջաններուն համար:
