ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ»․- Վանի շրջանին մէջ, Մուրատիյէ, Սուրբ Ստեփանոս հայկական պատմական եկեղեցւոյ անմխիթար վիճակը թրքական մամուլի ուշադրութեան առարկայ դարձած է։ Աղսորիկ լերան լանջին կը գտնուի այս եկեղեցին, որ վերջերս թալանուած է գանձախոյզներու կողմէ։ Մամուլը հրատարակած է այս պատմական եկեղեցւոյ լուսանկարը՝ ընդգծելով, որ գետի մը ափին 17րդ դարուն կառուցուած այս սրբավայրը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ հայոց համար։
Վերջին շուրջ 50 տարիներուն, այս եկեղեցւոյ մէջ եւ շուրջը գանձախոյզներու կողմէ կատարուած են շարունակ որոնումներ, որուն պատճառով անիկա ամբողջութեամբ քանդուելու վտանգը կը դիմագրաւէ։
Բնութեան լուսանկարիչ Ռեչեփ Տաղ ըսած է հետեւեալը. «Այն, ինչը տեսանք այստեղ՝ մեզի ցաւ պատճառած է։ Մենք կը փափաքինք, որ այս վայրը ժամ առաջ պաշտպանութեան տակ առնուի իրաւասուներու կողմէ»։
Գանձախոյզներու պատճառած վնասները երկար ժամանակէ ի վեր կը զբաղեցնեն օրակարգը։ Այս երեւոյթին ծանր հետեւանքները ֆիզիքական լուրջ սպառնալիք մը կը համարուին ամբողջ Անատոլուի տարածքին մէջ, կրօնամշակութային, ճարտարապետական պատմական ժառանգութեան դէմ։ Այս շրջանակին մաս կը կազմեն նաեւ անցեալի բազմաթիւ հայկական խոնարհուած սրբավայրերը, որոնց հիմքերը կը խարխլին գանձախոյզներու անգիտակից կողոպուտին պատճառով։