ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- 4 Դեկտեմբերին, Ատրպէյճանի մէջ գերութենէն վերադարձած 10 զինուորներէն հինգը ձերբակալուեցան` Քննչական կոմիտէին կողմէ քննուող քրէական գործի մը ծիրին մէջ: Այս մասին «Փաստինֆօ»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեցին Հայաստանի քննչական կոմիտէէն:
Ըստ նոյն աղբիւրին՝ անոնք կը մեղադրուին Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 365րդ յօդուածի 3րդ մասի յատկանիշներով՝ «մարտական հերթապահութեան կամ ծառայութեան կանոնները խախտելը, որ պատճառեց ծանր հետեւանք»: Անոնց նկատմամբ բանտարկութիւնը իբրեւ խափանման միջոց ընտրելու մասին միջնորդութիւն ներկայացուեցաւ դատարանին: