Համազգայինի Թատերական միաւորը, «Քովիտ» համաճարակին պարտադրած երկու տարիներու սահմանափակումներէն ետք, բեմ վերադարձաւ աշխարհահռչակ ֆրանսահայ յօրինող, երգիչ եւ դերասան՝ Շարլ Ազնաւուրին նուիրուած երաժշտաթատերական ներկայացումով մը, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 30 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Ֆերահեան վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ։
Առաջին հերթին հաճելի էր տեսնել բացօթեայ ընդունելութիւնը՝ խմիչքով եւ պիստակեղէնով, լսել Ազնաւուրի երգերը եւ յիշատակի նկարներ ունենալ յատկապէս այս առիթով պատրաստուած Ազնաւուրի իսկ պատկերով խոշոր պաստառին առջեւ։ Նաեւ մեկնելով ներկաներուն անվտանգութիւնը ապահովելու նախանձախնդրութենէն, գործադրուեցան նահանգի օրէնքները եւ սրահի մուտքին ստուգուեցան իւրաքանչիւրին պատուաստման հաստատագիրը։
Սրահի անմիջապէս մուտքին կ՛երեւէին սեղաններու վրայ զետեղուած Ազնաւուրի նկարով յիշատակի գաւաթները, Համազգայինի հրատարակած խտասալիկները եւ Ազնաւուրի արխիւային գեղեցիկ նկարներէն խոշորցուած նմոյշներ։ Ձեռնարկին աւարտին այս բոլորէն ոչինչ մնացած էր։ Ներկաները բոլորէն նմոյշներ տուն տարած էին իրենց հետ։
Ճաշասեղանները զարդարուած էին ֆրանսական եւ հայկական փոքր դրօշակներով Ճաշացուցակը եւս ֆրանսական էր, յիշելու համար Ազնաւուրի երկրորդ հայրենիքը։ Սրահը լեցուն էր։ Վերջին օրերուն տոմսերը սպառած էին արդէն։ Յայտնի էր, որ ժողովուրդը կարօտցած էր արուեստը եւ մշակութային ձեռնարկները։ Ներկայ էին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Մանուկ Չուխաճեան եւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Քնար Գորթոշեան ու անդամներ, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ ու հիւրեր։
Յայտագրի հանդիսավարը Համազգայինի Թատերական միաւորի ատենապետ Արա Եագուպեանն էր, որ նաեւ պատրաստած էր տեսերիզներ ու նկարներ, որոնք պաստառի վրայ ցուցադրուեցան իր բացատրութիւններուն եւ մեկնաբանութիւններուն առընթեր։ Այս բոլորը հետաքրքրական եւ նորայայտ տեղեկութիւններ փոխանցեցին հանդիսատեսին։
Յայտագիրը մեծ խնամքով պատրաստուած էր, հակառակ անոր որ դժուար պայմաններու տակ տեղի ունեցած էին փորձերը՝ zoom-ով կամ բացօթեայ. հարկ է գոհունակութեամբ նշել, որ ներկաներու երկարատեւ ծափահարութիւնները յաջողութեան լաւագոյն ապացոյցը հանդիսացան։
Յայտագիրը շարունակուեցաւ հետեւեալ շարքով.
– Համազգայինի Երաժշտական միաւորի պարմանուհիներու «Նայիրեան» երգչախումբը, Լուսինէ Մելիքսէթեանի ղեկավարութեամբ եւ դաշնակահարուհի Սոֆի Սարգիսեանի ընկերակցութեամբ՝ երգեց Սայաթ Նովայի «Քանի Վուր Ջան Իմ» երգը։ Այս երգը յատուկ ընտրուած էր, որովհետեւ Ազնաւուրի նախասիրած երաժիշտներէն մէկն էր Սայաթ Նովան։
Նորակազմ «Նայիրեան» երգչախումբի փորձերը եւս ընթացած էին վերեւը նշուած պայմաններու մէջ, սակայն իր գեղեցիկ ելոյթով անիկա հպարտանք առթեց բոլոր ներկաներուն։
– Միսաք Արթինեան սաքսոֆոնի վրայ հաճելիօրէն նուագեց Ազնաւուրի երգերէն։
– Ազնաւուրի երգացանկէն ընտրուած եօթն նշանաւոր երգեր՝ “A Ma Fille”, “Il Faut Savoir”, “Mon Emouvant Amour”, “Je m’voyais Déjà”, “La Bohème”, “Bon Anniversaire” եւ “La Mamma”, մեկնաբանուեցան Գոհար Կարապետեանի բեմադրութեամբ, Համազգայինի Թատերախումբի հետեւեալ դերասաններուն կողմէ՝ Նարեկ Ալեքսանտրեան, Անի Անմահունի, Ժագ Արմուտիքեան, Մարալ Նաշալեան Արսէնեան, Շուշիկ Արսլանեան, Ալեքս Քասամանեան, Հրակ Զէթլեան, Րաֆֆի Էքմէքեան, Ռուբէն Հարմանտայեան, Արմինէ Ճարահեան, Արեւիկ Յակոբեան, Փանոս Պապահէքեան:
Իւրաքանչիւր երգի իւրայատուկ մեկնաբանութիւն տուած էր բեմադրիչը եւ նոյնիսկ մէկը կրցած էր կապել Մայր Հայաստանին։ Իսկ դերասանները, հակառակ անխօս խաղարկութեան, կրցան արտայայտել համապատասխան զգացումներ, իրենց կերպարին հարազատ շարժումներով եւ դէմքի արտայայտութիւններով։
Յայտագիրի վերջին երգը Ազնաւուրի “Pour Toi Arménie”ն էր, զոր ներկայացուց Համազգայինի «Նայիրեան» երգչախումբը, գեղեցիկ մտայղացումով մը երգի վերջաւորութեան ցուցադրելով Եռագոյնն եւ Ազնաւուրի դիմանկարը։
Լուսաւորումի, երաժշտութեան, բեմայարդարումի, տարազներու, նկարահանման, որմազդներու ձեւաւորումի եւ այլ տեսակի թեքնիք ու գեղարուեստական հարցերու օժանդակած էին՝ Գեւօ Մանուկեան, Վարուժան Պաղտասարեան, Սիմոն Սերոբեան, Ճէյն Հաշոլեան, Շուշիկ Արսլանեան, Ռիթա Արապեան, Պերճ Ուզունեան, Վահիկ Վարդապետեան, Գէորգ Աւագեան, Րաֆֆի Կանումեան, Սեդա Սիմոնեան, Զվիկ Կետիկեան, Մանուկ Չուխաճեան, Սեդա Ֆրունճեան, Սօսի Սերոբեան եւ Արա Եագուպեան։
Համազգայինի Շրջանային վարչութեան Թատերական միաւորը իր ամբողջ անձնակազմով, թատերախումբով, արուեստագէտներով, նուիրատուներով եւ օժանդակներով, բացառիկ հաճելի եւ իմաստալից ձեռնարկ մը կազմակերպած էր, գնահատանքի իւրայատուկ երեկոյ մը նուիրելով մեր մեծանուն հայ երաժիշտ Շարլ Ազնաւուրին։
Անհամբեր կը սպասենք յաջորդ ծրագիրներուն։
Թատերական միաւորի աշխատանքներուն կամ դերասանութեամբ մասնակցիլ փափաքողները կրնան կապուիլ հետեւեալ հասցէներով՝ shoarslan@aol.com եւ aravahak@gmail.com:
(Թղթակցութիւնը՝ Համազգայինէն)