ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Ռիատէն հրապարակուած ֆրանսա-սէուտական միացեալ յայտարարութեամբ մը, երկու երկիրներու ղեկավարները շաբաթավերջին անդրադարձան լիբանանեան կացութեան եւ շեշտեցին, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պարտի ընդհանուր բարեկարգումներ կատարել, յատկապէս յանձնառու մնալ Թաէֆի համաձայնագիրին, որմով Լիբանանի մէջ կը պահպանուի ազգային միասնականութիւնը եւ քաղաքացիական ապահովութիւնը: Նշուեցաւ, որ այս բարեկարգումները պէտք է ներառեն ելեւմտական, ուժանիւթի, զեղծարարութեան դէմ պայքարի եւ սահմաններու հսկողութեան ոլորտները: Ֆրանսա եւ Սէուտական Արաբիա համաձայնեցան, որ պիտի աշխատին Լիբանանի հետ՝ այս բարեկարգումներուն իրականացումը երաշխաւորելու համար: Կողմերը հաստատեցին, որ Լիբանանի մէջ զէնքը պէտք է սահմանափակուի պետական օրինական հաստատութիւններուն մէջ, իսկ Լիբանան պէտք չէ ըլլայ տարածք մը, ուր կարելի ըլլայ տանիլ ահաբեկչական գործունէութիւն: Շեշտուեցաւ Լիբանանի ապահովութեան եւ կայունութեան պահպանման մէջ լիբանանեան բանակի դերակատարութեան զարկ տալու հրամայականը:
Միացեալ յայտարարութեամբ լուսարձակի տակ կ՛առնուի նաեւ ստեղծումը ֆրանսական-սէուտական համապատասխան գործիքակազմի մը, որուն ճամբով կարելի պիտի ըլլայ ամենայն թափանցիկութեամբ մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրել լիբանանցի ժողովուրդին եւ բարեկամ ու դաշնակից պետութիւններուն հետ գործակցելու համապատասխան դրոյթներ գտնել՝ հետամուտ ըլլալով թեթեւցնելու լիբանանցիներուն մղձաւանջը:
Միացեալ այս յայտարարութիւնը արգասիքն էր պաշտօնական այցելութեամբ Ժետտա գտնուող Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամմատ պըն Սալման իշխանին միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին, որուն ընթացքին նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ երկու երկիրներուն միջեւ փոխադարձ յարաբերութիւններու ամրապնդման, համագործակցութեան նոր ուղիներու հաստատման եւ զանազան բնագաւառներու մէջ միացեալ աշխատանքներու ծաւալման:
Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Ֆրանսայի նախագահը նշեց, որ հեռաձայնային կապ հաստատուած է Լիբանանի վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ, որ տեղեակ պահուած է քննարկումի արդիւնքին մասին:
Աւելի ուշ, Միքաթի յայտնեց, թէ ֆրանսական-սէուտական նախաձեռնութիւնը շատ կարեւոր է Սէուտական Արաբիոյ հետ պատմական յարաբերութիւնները իրենց բնական ընթացքին վերադարձնելու առումով:
Նշենք, որ այս հանդիպումէն առաջ, Լիբանանի տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահի, որուն մէկ յայտարարութիւնը պատճառ դարձած էր Պէյրութ-Ռիատ տագնապին, յայտարարեց իր հրաժարականը: Քըրտահի նշեց, թէ խորհրդակցութիւն մը ունեցած է Միքաթիի հետ, որ «թելադրած է իրեն հրաժարիլ՝ ընդառաջելով Ֆրանսայի փափաքին»:
Յիշեցնենք, որ Քըրտահի քննադատած էր Եմէնի մէջ Ռիատի գործողութիւնները։