
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայաստան Հիմնադրամի Գոհաբանութեան Օրուան 24րդ տարեկան միջազգային թելեթոնը տեղի պիտի ունենայ 25 Նոյեմբերին, կէսօրէն ետք ժամը 4էն մինչեւ 8 (Արեւելեան ափի ժամով՝ երեկոյեան 7էն 11): Դրամահաւաքին հասոյթը պիտի տրամադրուի 44օրեայ պատերազմէն տուժած Արցախի եւ Հայաստանի բնակչութեան, ներառեալ՝ տասնեակներով աւերուած համայքներու, ինչպէս նաեւ շուրջ 100,000 տեղահանուածներու ու բռնագաղթուածներու կեանքերու վերականգնման:
«Վերակառուցել հայրենիքի հեռաւոր համայնքները» նշանաբանով, այս տարուան թելեթոնը պիտի ընդլայնէ անցեալ 12 ամիսներուն կատարուած աշխատանքը՝ համապարփակ նեցուկ ապահովելով պատերազմէն վնասուած Արցախի ու Հայաստանի բնակչութիւններուն համար: Սոյն աջակցութիւնը պիտի ընդգրկէ մարդասիրական հրատապ օգնութիւն, բնակարաններու կառուցում, բժշկական բազմատեսակ օժանդակութիւն, ենթակառոյցներու նորոգում եւ զարգացում, ներառեալ ճամբաներու նորոգում ու մշակութային վերականգնումի ծրագիրներ, ներառեալ՝ տեղահանուած համայնքներու համար դպրոցաշինութիւն եւ արուեստներու դասաւանդում:
«Թելեթոն 2021ը կը վերաբերի նոյնքան կազմակերպչական հաշուետուութեան ու թափանցիկութեան, որքան Արցախի ու Հայաստանի ժողովուրդի վերականգնման», յայտնեց հիմնադրամի հոգաբարձութեան ատենապետ Մարիա Մեհրանեան: «Այսպէս, ցարդ իրականացուած ծրագիրներու մասին մեր նուիրատուները ամբողջական կերպով տեղեակ պահելու զուգահեռ, Թելեթոն 2021ը հրատապ օգնութիւն պիտի ապահովէ՝ պատերազմին պատճառով աւերուած համայնքներու եւ տուն-ու-տեղ կորսնցուցած ընտանիքներու համար»:
Թելեթոնը ուղղակիօրէն պիտի հեռարձակուի Armeniafund.org կայքէն՝ համաշխարհային հանդիսատեսներու համար, եւ նոյն ժամանակ պիտի սփռուի Հարաւային Քալիֆորնիոյ տարածքին, պատկերասփիւռի հետեւեալ կայաններէն՝ AABC TV, ARTN TV, Horizon Armenian TV, եւ USArmenia TV:
Թելեթոնի կամաւորներուն, հաղորդավարներուն եւ անձնակազմին ապահովութեան համար, COVID-19ի վերաբերող բոլոր կանոնները պիտի գործադրուին միջոցառման ընթացքին, եւ դրամահաւաքի հեռաձայնները պատասխանող կամաւորներու կազմը պիտի գործէ տարբեր վայրէ մը՝ դարձեալ ապահովական նկատառումներով:
Հայաստան հիմնադրամը 501(c)(3) կարգավիճակ ունեցող ոչ-հասութաբեր, ոչ-կառավարական, եւ ոչ-քաղաքական մարդասիրական կազմակերպութիւն մըն է:
(Հաողրդագրութիւնը՝ հիմնադրամէն)