ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Արեւմտեան երկիրներու ժողովրդավարութեան չափանիշերուն մաս կը կազմէ դատական նիստերուն՝ իբրեւ ունկնդիրներ հրաւիրել նաեւ այնպիսի անձեր, որոնք տուեալ դատավարութեան կամ դատուող անձերուն հետ ընդհանրապէս առնչութիւն չունին:
«Հանրային» բառը ամէնէն ճկուն բառերէն մէկն է, զոր կարելի է դնել շատ ուրիշ բառերու կողքին՝ անոնցմէ առաջ, բնութագրելու համար զանոնք:
«Հանրային կապ» ըսելով, մեր ժողովուրդին արեւելահայ հատուածը կը հասկնայ հաստատութեան մը տեղեկատուական գրասենեակը, որ առհասարակ տուեալ հաստատութեան լրատուութիւնը կը կատարէ, մամուլի խօսնակը կը դառնայ եւ յայտարարութիւնները կը խմբագրէ: «Հանրային պարտէզ» կը կոչենք քաղաքապետարանին կողմէ տուեալ քաղաքի բնակիչներուն յատկացուած կանաչապատ տարածքը, ուր ամրան զով օդը կը վայելեն տարբեր տարիքի քաղաքացիներ, օգտուելով տնկուած ծառերու շուքէն, գունագեղ ծաղիկներու բոյրէն, միաժամանակ դիտելով ցայտաղբիւրներէն ժայթքող ջուրերը: «Հանրային» բառով բարդ բառեր ալ կազմուած են, ինչպէս՝ «հանրակառք», որ կը նշանակէ ժողովրդային մեծ փոխադրակառք, «հանրամատչելի»՝ բոլորին հասանելի, բոլորին իմացական կամ նիւթական կարողութեան համապատասխանող, եւ բազմաթիւ այլ իմաստներով: Մէկ խօսքով, «հանրային» բառը կրնանք բացատրել, պարզապէս ըսելով՝ «բոլորին պատկանող», կամ՝ «բոլորին տրամադրելի»:
Վերոյիշեալ բարդ բառերը եթէ շարունակենք, բաւական ընդարձակ բառարան մը կրնանք կազմել: Սակայն, մեր այս գրութեան համար ընտրած ենք «հանրային» բնութագրումով մէկ բառ միայն, որ «հանրային դատարան»ն է:
Լսողը կրնայ ըսել, թէ դատարանը եթէ հանրային չէ, հապա ինչպէ՞ս պիտի ծանուցուի անոր հաստատելիք արդարութիւնը: Նոյնիսկ բարձրաստիճան մարդիկ երբ յանցանքի վրայ բռնուին, անոնց դատավարութիւնը հրապարակային տեղի կ՛ունենայ, որպէսզի վերականգնի խորտակուած արդարութիւնը: Այսինքն, հանրային պատկերասփիւռը եւ միջազգային լրատուամիջոցները արտօնուած կ՛ըլլան ներկայ գտնուելու եւ իրենց կայաններուն ու կայքէջերուն միջոցաւ կենդանի հաղորդումով ներկայացնելու յիշեալ դատավարութիւնը:
Քաղաքակրթուած աշխարհի նախապայմաններէն մէկն է այս, որ իր թափանցիկութեամբ իսկ կը նպաստէ արդարութեան վերականգնման: Օրինակ, երկար տարիներ բռնապետի մը անգութ հարուածները ստացած ժողովուրդ մը յանկարծ երբ ազգային պատկերասփիւռին միջոցաւ հետեւի այդ անձին դատավարութեան, այնպէս կը զգայ, որ իր նուաստացած արժանապատւութիւնը վերականգնեցաւ, նոյնիսկ եթէ բռնատիրոջ դատավճիռը մահուան ելքով չաւարտեցաւ, այսինքն՝ դատաւորը մահավճիռ չտուաւ անոր:
Աշխարհի վրայ կան մեծ ու փոքր դատարաններ՝ միջազգային ատեաններ, տեղական ատեաններ, ազգային ատեաններ, գիւղական ատեաններ եւ ցեղապետական ատեաններ, ուր սպիտակ մօրուքով ծերունիներու խոհուն միջամտութիւնն ու անոնց համրիչի քարերուն թխկթխկոցը ցարդ յարգուած են բոլորին կողմէ: Տեսնուած է, որ նոյնիսկ գործուած ոճիրներ «լուացուած» են ի յարգանս տարեցներուն, որոնք իրենց ծանրախոհ ներկայութեամբ հաշտութիւն պարտադրած են զոհի ընտանեկան պարագաներուն եւ ոճրագործին համար ներում պահանջած անոնցմէ: Միւս կողմէ, սակայն, նոյն ծերունիները ոճրագործի ընտանեկան պարագաներուն պարտադրած են վնասուց հատուցում կատարել, պահանջելով նոյնիսկ շատ աւելի գումար, քան՝ անոնց կարողութիւնը: Մէկ խօսքով, պետական դատարաններու չգոյութեան ժամանակաշրջանէն վերապրած սոյն «դատարանները» դեռ ի վիճակի են իրենց վճիռը ընդունելի դարձնելու, իրենց յատուկ միջավայրին մէջ:
Դատարաններուն պարզագոյնը պէտք է համարել «ընտանեկան դատարանը», որուն արժանընտիր դատաւորներն են ծնողները: Սկզբունքով ամէնէն արդար դատարանը այս պէտք էր ըլլար, սակայն փաստը ցոյց տուած է, որ այստեղ եւս անարդարութիւններ կատարուած են, զաւակներէն ոմանք իրաւազրկուած, իսկ միւսները անիրաւ կերպով իրաւատէր հռչակուած:
Բարոյական բարձրութիւնը եթէ համամարդկային զենիթ ունենար, անկարելի էր, որ այս ընտանեկան դատարանը սխալ որոշումներ տար: Սակայն անբարոյութիւնը ամէն իմաստով կրցած է թափանցել նոյնիսկ ամէնէն պաշտպանուած ու անմատչելի բարձունքներու վրայ գտնուող բերդերու դարպասներէն ներս:
Դատարաններուն ամէնէն «բնականը» հանրային դատարանն է: Ոմանք կրնան հարց տալ, որ պետական դատարաններուն դռները եթէ բոլորին համար բաց են, հապա հանրային դատարանը ի՞նչ է: Նոյն «հանրային» բառը պիտի գործածենք, բացատրելու համար այս ամէնէն բնական դատարանին տեսակը: «Հանրային դատարանը», նոյնինքն հանրային կարծիքն է, որուն թափն ու արագութիւնը շատ աւելի է, քան պետական դատարանին տալիք որոշումը: Մինչեւ որ օրինական դատարանը վճիռ արձակէ, հանրային կարծիքը արդէն իր խօսքը ըսած կ՛ըլլայ: Այս «բնական» դատարանը շատ վտանգաւոր ատեան մըն է, որուն տուած որոշումը այնքան համապարփակ կ՛ըլլայ, որ կայծակնային արագութեամբ կը թռչի արեւելքէն արեւմուտք եւ հիւսիսէն հարաւ, անցնելով ամէն սահման եւ անարգել մտնելով ամէն տան դուռէն ներս:
Վերոյիշեալ երկու հանրային դատարաններուն՝ օրինական կամ պետական դատարանին եւ հանրային կարծիքին միջեւ գլխաւոր տարբերութիւնը այն է, որ առաջինը մինչեւ մեղադրեալին չլսելը, վճիռ չի՛ տար: Սակայն, երկրորդը առանց ունկնդրելու անոր ըսածը, արդէն իր վճիռը կ՛արձակէ ու որոշումներ կու տայ, նոյնիսկ մեղադրեալը նստեցնելով դատապարտեալի աթոռին:
Հանրային կարծիքի մտրակէն ո՛չ ոք կրնայ փախչիլ: Աշխարհի մեծամեծները կրնան իրենց ապարանքներուն մէջ արգելափակուիլ կամ թիկնապահներով շրջիլ քաղաքին մէջ, փրկուելու համար իրենց դիմող քաղաքացիներէն կամ թղթակիցներէն, որոնք անոնց կատարած գործերուն համար հաշիւ ու բացատրութիւն կը պահանջեն: Հանրութենէն փախուստ տուող մարդիկ պարզապէս կը նմանին իրենց ականջներուն բամպակ թխմած եւ խուլ ձեւացող մարդոց, որոնք կը կարծեն, թէ իրենց մասին խօսող չկայ: Ճիշդ է, հանրային կարծիքը խլութեան բուժման համար դեղորայք չունի, ո՛չ ալ արդիական ականջակալ գործիքներ կը պատրաստէ, սակայն իր խօսքը այնքան բարձր կ՛ըսէ, որ խուլերն իսկ կը լսեն, ալ ո՜ւր մնաց խուլ ձեւացողները…։
Հանրային դատարանը մարդոց միջեւ խտրութիւն չի՛ դներ, մինչ օրինական դատարաններուն մէջ փաստաբաններ երբեմն կը յաջողին անպարտ արձակել տալ իսկական ոճրագործը: Հանրային դատարանը չի՛ խնայեր նոյնիսկ դատաւորները, որոնք երդմնակալութեան յատուկ արարողութեամբ կը ստանձնեն իրենց պաշտօնը:
Մարդ որքա՜ն զգուշ պէտք է ըլլայ հանրային դատարանի բազմամիլիոն «դատաւորներէն», որոնք իրենց անպաշտօն տարազը միշտ իրենց ուսերուն նետած՝ բազմած են աներեւոյթ գահերու վրայ, ուշադիր հետեւելու համար մարդոց կեանքին ու գործունէութեան: Հանրային դատարանը ամէնուրեք է եւ անգութ: