ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ իր համայնքային սպասարկութիւններու վարիչ Վերժինի Թուլումեան նշանակուած է ժամանակաւոր գործադիր վարիչ՝ փոխարինելով իր պաշտօնը աւարտած եւ Հայաստան փոխադրուած Արմէն Սահակեանը:
«Հպարտ ենք մեր անձնակազմի անդամներով եւ բախտաւոր ենք, որ Վերժինին ընդունեց այս պաշտօնը», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան:
Վերժինի Թուլումեան նախապէս եղած է Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութեան (Պոսթըն) վարիչ տնօրէնը:
Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանը աւարտելէ ետք, Վերժինին ստացած է գործարար կառավարման (Business Management) պսակաւոր արուեստից վկայականը` «Ուուտպըրի» համալսարանէն, նաեւ մարդկային միջոցներու տեսչութեան վկայագիր` «Լոյոլա Մերիմաունթ» համալսարանէն, իսկ մագիստրոսի վկայականը` տեսչութեան եւ ղեկավարման մէջ` «Փեփըրտայն» համալսարանէն: Երբ ան «Փեփըրտայն» կը յաճախէր, ան կը մասնակցէր ամառնային ծրագիրի մը` Անգլիոյ «Օքսֆըրտ» համալսարանին մէջ եւ խորհրդատու նշանակուած էր Լոս Անճելըսի Էն Տակլասի անուան կանանց հաստատութեան մէջ: Ան նաեւ պաշտօնավարած է Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանին մէջ, ուր նաեւ Հայ Դատի ուսուցչուհի էր: Ան ՀԵԴի գործօն անդամ եղած է ու վարած անոր Կեդրոնական վարչութեան քարտուղարի ու փոխատենապետի պաշտօնները: Ան նաեւ ատենապետութեան պաշտօն վարած է ՀԵԴի «Մեր զինուորներու կողքին» ծրագիրին եւ Մարդկային իրաւունքներու միացեալ յանձնախումբին մէջ:
Նշենք, որ Արմէն Սահակեանին համար ողջերթի երեկոյ մը կազմակերպուած էր Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ, շնորհակալութիւն յայտնելու համար անոր մօտաւորապէս երեք տարիներու սպասարկութիւններուն համար: