ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Կամօ Վարդանեանի հրաւէրով Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետեան 6 Նոյեմբերին երկօրեայ աշխատանքային այցելութիւն տուաւ Արցախի Հանրապետութիւն:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն կը տեղեկացնեն, որ Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարին ընկերակցութեամբ, Արշակ Կարապետեան այցելեց մարտական յենակէտեր, հանդիպեցաւ մարտական հերթապահութիւն իրականացնող զինուորներուն, ծանօթացաւ դիրքերու ամրաշինական, ինչպէս նաեւ հերթապահութեան ընկերային-կենցաղային պայմաններուն:

Պաշտպանութեան բանակի զօրամասերէն մէկուն մէջ, դիմելով Արցախի սահմաններու պաշտպանութիւնը իրականացնող զինուորներուն՝ Կարապետեան ընդգծեց, որ խաղաղութեան ամէնէն կարեւոր գրաւականը ամուր եւ առաջադրուած մարտական խնդիրները կատարելու՝ ունակ բանակն է:
Նոյն օրը, Ստեփանակերտի մէջ, Արշակ Կարապետեաը, Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւններու համագործակցութեան շրջագիծին մէջ, մասնակցեցաւ պաշտպանութեան բանակի ղեկավար կազմի աշխատանքային խորհրդակցութեան, որուն ընթացքին քննարկուեցան ապահովական հարցեր:
7 Նոյեմբերին, Արշակ Կարապետեան այցելեց նաեւ Սիւնիքի մարզը, յատկապէս՝ Սեւ լիճի տարածքը: