
Հարցազրոյցը վարեց` Ն. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
Զաքարը կրկին Արցախի մէջ… Համերգներ, երգչախումբեր, ընկերային հաւաքներ` իր սան-սանուհիներուն հետ, երաժշտական ընտանեկան մթնոլորտ, արցունք ու ժպիտ, մերթ լուսաւոր, յուսացող դէմքեր, մերթ` տրտում, կորուստի ցաւին մէջ մխրճուած…
Զարմանալի կամ անակնկալ չէ Զաքար Քէշիշեանը կրկին տեսնել Արցախի մէջ, թէկուզ փոքրացած, թէկուզ առանց թանկագին Շուշիի: Զարմանալի պիտի ըլլար, եթէ ինքզինք կրկին ու կրկին, ո՛վ գիտէ ո՛րերորդ անգամ, չգործուղէր իր «սիրահար հայրենիքի Արցախի հատուած» իր կարելին ընելու, իր մասնագիտութիւնը արցախցիներուն ծառայեցնելու, կանգնելու իր հարազատներուն կողքին, որոնք զինք ալ կ՛ընդունին իբրեւ իսկական հարազատ:
Իր առաքելութեան աւարտէն ետք, գէթ այս տարուան, «Ազդակ»ին հետ զրոյցի առաջարկին ընդառաջելը, իր կատարած աշխատանքին, ապրումներուն, յոյզերուն մասին խօսիլը, իւրաքանչիւրէս մեր Արցախ աշխարհին ունեցած ակնկալութեան թարգմանը հանդիսանալը ձեւով մը եզրափակումն էր Զաքար Քէշիշեանի Արցախ այցելութեան:
Ստորեւ հարցազրոյցը` ոչ սովորական, յուզող, բայց անպայման գօտեպնդող․
Ն. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ.- Արցախին, յատկապէս Շուշիին կապուած է ձեր անունը միշտ` թէ՛ Հայաստանի ու Արցախի մէջ եւ թէ՛ Սփիւռքի, յատկապէս` Լիբանանի: Արցախեան վերջին 44օրեայ պատերազմին քիչ չէր թիւը այն անձերուն, որոնք կասկածելի լուրերը ճշդելու համար դիմեցին ձեզի, իսկ դուք միշտ լաւատես, յուսալի էիք: Սակայն իրականութիւնը այլ էր, այսօր Արցախին մեծ մասը մերը չէ, իսկ ձեզի համար ամէնէն ծանրը, կարծեմ, Շուշիի կորուստ-յանձնումն է, Շուշին, ձեր Շուշին այցելելու կարելիութիւն չունեցաք տասնեակ տարիներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով: Խնդրեմ` խօսեցէք ձեզի համար անհաւատալի պատկերով ներկայացող այսօրուան Արցախ վերադարձիդ մասին:
ԶԱՔԱՐ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.- Անբացատրելի ապրումներու մէջ էի նաեւ ես: Ե՛ւ պաշտօնական լրատուութիւնը,ե՛ւ այդ օրերուն տակաւին հոն գտնուող շուշեցիներու վկայութիւնները շատ հեռու էին այն իրականութենէն, որուն դէմ յանդիման գտնուեցանք: Սակայն ունինք այն, ինչ ունինք: Հիմա մեր հին ու նոր պատմութենէն դասեր քաղելու, անհնարինը հնարին դարձնելով` ազգային առողջ ու ձեռնհաս ուժերու շուրջ համախմբուելու ու յառաջիկայ առաւել ծանր ու օրհասական օրերը դիմակայելու պատրաստուելու ժամանակն է:
Բոլոր արցախցիներուն նման, ինծի համար ալ անտանելի էր Ստեփանակերտ հասնելու համար Շուշիի կողքով անցնիլն ու զինք չկարենալ գրկելը, անցնիլ այն ճանապարհէն, ուր բազմատասնեակ նահատակներ ինկած են, սարսափելի ապրում էր: Սակայն 29 տարիներ առաջ, ՀՅԴ Հայաստանի «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան նախաձեռնութեամբ ծնունդ առած երգչախմբային իմ առաքելութիւնս շարունակելու համար ես ալ կրցայ ատամներս սեղմել ու հասնիլ Արցախ եւ, լիբանանեան քաղաքական-տնտեսական դժնի այս օրերուն, ազգականներուս եւ ընկերներուս նիւթաբարոյական աջակցութեամբ, իրագործել համերգային երկու լայնածիր ծրագիրներ:
Ն. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ.- Այս տարի ի՞նչ ծրագիրներով ուղղուեցաք Արցախ. բոլոր ծրագիրները կարելի եղա՞ւ իրականացնել:
ԶԱՔԱՐ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.- «Վարանդա» երգչախումբի մանկական եւ պատանեկան կազմերուն կէսէն աւելին Երեւան, Գիւմրի, Էջմիածին, Գորիս եւ ոմանք ալ Ռուսիա կը գտնուէին: Հետեւաբար զոյգ կազմերով կարելի չէր որակեալ համերգ պատրաստել ընդամէնը մէկ ամսուան մէջ: Միւս կողմէ, սակայն, երգչախումբի երիտասարդական կազմին մեծամասնութիւնը Ստեփանակերտ կը գտնուէր, ուստի հնարաւոր եղաւ կարճ ժամանակուան մէջ հասցնել համերգային ծրագիրներէն մէկուն արժանապատիւ ու որակեալ մասնակցութիւն բերել:
Որոշեր էի նախապէս շուիի եւ տուտուկի յատուկ նուագացանկով մենահամերգ մը տալ: Այդ իմ հոգիիս ճիչն էր եւ յիշատակի համերգ մը` արցախեան արիւնալի ազատամարտի հին թէ նոր բազմահազար նահատակներուն: Զուգահեռաբար երախտիքի ու յարգանքի արտայայտութիւնս էր արցախեան վերջին տաժանելի օրերն ապրած, բայց հայրենի եզերքը չլքող, մեր փոխարէն ալ հայրենիքը ապրեցնող ու պահող հայրենակիցներուս նկատմամբ եւ, վերջապէս, երաժշտութեան միջոցով բարոյահոգեբանական վերապրումի ու պայքարի սրտագին կոչ էր բոլորին: Համերգին խորագիրն էր «Ղօղանջ յիշատակի, երախտիքի ու վերապրումի…» : Այս համերգին էր, որ Շուշիի անկումէն ետք առաջին անգամ ըլլալով, հակառակ անոր որ երիտասարդուհիներէն երեքին եղբայրները նահատակուած էին ու հետեւաբար` սգաւոր, սակայն, իրենց մէջ ուժ ու մխիթարութիւն գտնելով, «Վարանդա»ի երիտասարդական կազմի աղջիկները շարք մը երգերու կատարումով միացան ինծի:
Ինչ կը վերաբերի պատանեկան կազմին, երկտասնեակ մը վարանդայականներուն միացան Հադրութի, Ստեփանակերտի եւ այլ շրջաններէ 89 պատանիներ, որոնցմով Արցախի գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի ու մարմնակրթութեան նախարարութեան ու Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբի տնօրէնութեան եւ աշխատակազմին հետ իրագործուեցաւ «ԵՐԳՈՂ ԱՐՑԱԽ» երգչախմբային համերգային ծրագիրը, որոնց համերգները Արցախի պետութեան կողմէն որդեգրուեցաւ որպէս անկախութեան երեսնամեակին նուիրուած գլխաւոր մշակութային ձեռնարկ եւ, գտնելով մեծ ընդունելութիւն, յառաջիկայ օրերուն հարկադրուած եղանք համերգը կրկնել: Միշտ ալ կարեւորած եմ աշակերտութեան համար տրուող համերգները, սակայն ժամանակի սղութեան պատճառով Շուշիէն դուրս ցարդ չէի կարողացած կազմակերպել աշակերտական համերգներ: Լիբանանի կրթական վերամուտին ուշացումը ինծի առիթ ընծայեց, որ աւելի երկար ժամանակով մնամ Արցախ եւ համերգին ունկնդիր դարձնեմ աւելի քան 2500 աշակերտներ`յաջորդական հինգ համերգներու ընթացքին:
Ն. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ.- Կը կարծէ՞ք, թէ համերգները ծառայեցին իրենց նպատակին. ինչպէ՞ս ընկալուեցան ժողովուրդին կողմէ, այն մարդոց, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ընտանիքէն նահատակ մը տուաւ այս վերջին պատերազմին:
ԶԱՔԱՐ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.- Բնականաբար սգաւոր մայրեր, այրիներ ու քոյրեր բարոյահոգեբանական այս պայմաններուն մէջ, ըստ էութեան, համերգային տրամադրութեան մէջ դժուար էր պատկերացնել, սակայն այս տարուան համերգներուն նպատակն իսկ, ցաւօք, «Վարանդա»ի հիմնադրութեան տարիներուն պէս, արցունք չորցնելը, ժպիտ ուրուագծելն ու դրական տրամադրութիւններ ստեղծելն էր: Պատանիները հաճոյքով ու առանց բացակայելու կը յաճախէին փորձերուն, աշակերտական ելոյթին ներկայ գտնուող ինծի ցարդ անծանօթ աշակերտներ յաջորդող օրերուն, երբ զիս տեսնէին, եկող ամառ իրենց մասնակցութեան ալ յայտ կու տային: Համերգները անցան լեցուն դահլիճներու մէջ, որոնք ցուցանիշ կը սեպուին նման համերգներու կարեւորութեան: Ուրախ եմ յայտնելու, որ զոյգ համերգային ծրագիրներն ալ Արցախի հեռատեսիլը նկարահանեց եւ յաջորդող օրերուն պատկերասփռեց, մանաւանդ նկատի ունենալով, որ մեծաթիւ երաժշտասէրներ դահլիճին մէջ տեղ չգտնելով` տուն վերադարձած էին: Աննախադէպ մեծ էր այս տարի զիս փողոցը տեսնելով մօտեցող ու արտայայտուողներուն թիւը: Այս մեկնակէտերը չափանիշ ընդունելով` կրնամ եզրակացնել, որ աշխատանքը արդիւնաւէտ եղաւ:
Ն. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ.- Ինչպիսի՞ խմբերգեր կ՛ընդգրկէր այս տարուան համերգային յայտագիրը:
ԶԱՔԱՐ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.- Իւրաքանչիւր համերգային մթնոլորտ ձեւով մը կ՛առնչուի այն կենցաղային ու բարոյահոգեբանական վիճակին, որուն մէջ կը գտնուի տուեալ շրջանի հասարակութիւնը: Այլ խօսքով, համերգային յայտագիր մը անհրաժեշտ է, որ ունենայ նպատակ մը եւ անշեղօրէն ձգտի ծառայել անոր: Այս տարուան յայտագիրի երգերուն մեծամասնութիւնը քաղած եմ անցնող 29 տարիներուն Շուշիի «Վարանդա» եւ Պէյրութի Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբերուն համար ստեղծագործուած եւ այնուհետեւ հայրենի ու Սփիւռքի բոլոր երգչախումբերուն հասու եղած այն 164 երգերէն, որոնց առաջին կատարումները մեկնաբանելէ ետք գրեթէ առիթ չէր եղած կրկնելու: Բնականաբար այս տարուան երգացանկը ընտրած եմ` մեկնակէտ ունենալով անոնց բանաստեղծական թելադրականութիւնը եւ ո՛չ թէ երաժշտական բովանդակութիւնը: Կը թուէր, որ հոն տեղ պիտի չգտնէին մանկապատանեկան երգչախմբային համերգի մը գունագեղութիւն պարգեւող զուարթ խաղերգներ, սակայն երգացանկին մէջ հնարաւոր եղաւ ներառել նաեւ երեք կատակերգներ, որոնց բովանդակութիւնները այլաբանօրէն դիպուկ էին ու նպատակամէտ:
Ն. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ.- «Վարանդա»ն սովորական երգչախումբ չէր ձեզի համար, անիկա ընտանիք, գերդասատան է, այսօր բացականեր կան ձեր ընտանիքի շարքերուն մէջ, նահատակներ, որոնք հաւատացին յաղթանակին եւ իրենց կեանքը տուին հայրենի հողին:
ԶԱՔԱՐ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.- Կը պատկերացնէ՞ք` որքա՛ն դժուար է ինծի համար յայտնել, որ «Վարանդա»ի հին սաներէս հինգը` Սարգիս Գասպարեան, Վազգէն Աբրահամեան, Նարեկ սրկ. Պետրոսեան, Արէն Միրզոյեան ու Յունան Գաբրիէլեան, նահատակուեցան հայրենի եզերքի պաշտպանութեան ի խնդիր: Իսկ Արայիկն ու Էրիկը վիրաւորուեցան եւ, փա՛ռք Աստուծոյ, ողջ մնացին: Իրենց մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը աչքերուս առջեւ է: Երգչախումբի սաներս ինծի համար սոսկ երգչախումբէ երգող անդամներ չեն եղած երբեւէ: Այնպէս չէ, որ երբ համերգը աւարտի եւ անոնք ցրուին իրենց տուները, հոգեւոր կապս կը թուլնայ անոնց հետ: Հազարն անցնող լիբանանահայ թէ արցախցի հին թէ նոր սաներս, ո՛ւր ալ գտնուին, աշխարհագրական թէ ժամանակային հեռուէն միշտ սիրելի ու հարազատ կը մնան ինծի: Պատկերացուցէք անոնցմէ հինգը, որոնց հետ ես համերգային պատրաստութեան` երգուսուցման թէ ընկերային զուարթ առօրեայ ապրած եմ, ցաւագին փամփուշտ ստացած եւ ինկած են հերոսաբար: Սանուհիներէս երեքին եղբայրները նահատակուեցան, այլ երեք սանուհիներուս` ամուսինները: Այսքանին տեղեակ եմ ցարդ: Ես մխիթարանքի ու սփոփանքի խօսքեր չունիմ անոնց ծնողներուն ու հարազատներուն: Փոխարէնը` իրենց համար ես ունիմ սիրոյ խօսքեր: Խօսքեր` յարգանքի ու երախտիքի: Խօսքեր` հաւատարմութեան ու նոր խոստումի:
Ն. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ.- Շուրջ երկու ամիսներ ապրելով Արցախի մէջ, ինչպէ՞ս կը նկարագրէք մեր հայրենակիցներուն բարոյահոգեբանական վիճակը:
ԶԱՔԱՐ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.- Երբ կը քալես Ստեփանակերտի փողոցներով, կը թուի, թէ արտառոց ոչինչ պատահած է ու կեանքը բնականոն է: Սակայն հոգեւոր առումով կոյր պէտք է ըլլալ` չկարենալ կարդալու համար մեր հայրենակիցներուն աչքերուն խորքին մէջ գրուածները: Առաջին հերթին իրենց ապագայի կացութեան ու կեցութեան նկատմամբ անորոշութիւնն է սարսափելին: Ա՛լ չեմ խօսիր երեսնամեակի մը տաք ու պաղ օրերու ճակտի քրտինքով, տարուէ տարի իրենց տունն ու տեղը, կենցաղը բարելաւած եղող, սակայն այդ բոլորը թշնամիին ձգելով քաղաքամայր Ստեփանակերտի մէջ հազիւ անկիւն մը ճարողներուն եւ կենցաղային անյարմարութիւններով ապրողներուն մասին: Ալ չեմ խօսիր առնուազն մէկ նահատակ ունեցող գերդաստաններու մասին: Ա՛լ չեմ խօսիր…
Սակայն Արցախի մեր հայրենակիցներու մեծամասնութեան մէջ առկայ է դիմանալու ու դիմադրելու վճռակամութիւնը: Անոնք իրենց ցաւը գիտեն արժանապատուօրէն գրկել ու, ակռաները պինդ սեղմելով` հայրենիքը չլքել: Անշուշտ կայ փոքրամասնութիւն մըն ալ, որ ընկճուած է եւ հնարաւորութեան պարագային` պատրաստ է արտագաղթելու:
Ն. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ.- Յառաջիկայի ծրագիրներ կա՞ն, ինչպէս ձեր սովորութիւնն է, պիտի շարունակէ՞ք ձեր սկսած ուղին:
ԶԱՔԱՐ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.- 1989ի Ապրիլին էր, երբ Երեւանի Կոմիտասի անուան բարձրագոյն երաժշտանոցի ուսանողներով գացինք Արցախ ու զօրակցական համերգներ տուինք Շուշիէն զատ բոլոր շրջաններուն մէջ: Այդ օրերուն «Խորհրդային Ղարաբաղ» թերթը, ակնարկելով ինծի եւ իմ սփիւռքահայ դասընկերներուս` Մրրօ Արսէն Գրիգորեանին ու Ռուբէն Կնեազեանին, գրեց, որ առաջին սփիւռքահայերուն ոտքը դպաւ Արցախի հողին վրայ: Այդ օրէն սկսեալ «Սէր` առաջին հայեացքից» տարբերակով սիրահարեցայ հայրենիքիս Արցախ հատուածի հողին ու ջուրին ու իր ասպնջական ժողովուրդին եւ ես ինծի խոստում տուի ամբողջ կեանքիս ընթացքին, եւ եթէ հարկ ըլլայ` կեանքիս գնով, անմնացորդ ծառայել անոր: Այդ ապրումներէս ու յոյզերէս ցայսօր բան չէ փոխուած:
Ն. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ.- Այսօր, երբ քալէք Ստեփանակերտի մէջ, հեռուէն կը դիտէք անհասանելի Շուշին, ի՞նչ մտածումներ եւ զգացումներ կը խռովեն ձեր միտքն ու հոգին:
ԶԱՔԱՐ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.- Անզօր կատաղութիւն մը կը տիրէ վրաս: Կատաղութիւն` ո՛չ անպայման թշնամիին նկատմամբ: Երբ անտառին խորերը պիտի մտնես, անպայմանօրէն ձեռքիդ փայտ պիտի ունենաս: Պիտի զինուած ըլլաս: Հաւանականութիւնը մեծ է, որ դիմացդ գազան մը ելլէ: Մենք այսքան տարի թշնամիին կողքին ապրելով` չսորվեցանք զինեալ խաղաղութեան կենսակերպը: Մենք երեսնամեակ մը առաջ մեր ձեռք ձգած յաղթանակով տարուած` անզգօն երանութեամբ կ՛ապրէինք եւ խաղաղութեան տարիներուն չպատրաստուեցանք այլապէս տրամաբանօրէն նախատեսելի այս պատերազմին: Այս օրերուն յաճախ կը կրկնեմ, որ պատերազմը պատճառ եղաւ յայտնագործելու, որ մեր հայրենասիրութեան ու իմաստնութեան հաւաքական մակարդակը շատ ցած էր, որուն պատճառով ալ այսօր պարտեալ ու ամօթահար վիճակի մէջ ենք ազգովին: Ամէնէն շատը ամօթահար ենք այն լուսաւոր տղաներուն յիշատակին նկատմամբ, մեր կորսնցուցած հայրենի հողին ու ջուրին նկատմամբ եւ վերջապէս, թէեւ անտարբեր թուացող, սակայն իրականութեան մէջ այս բոլորը լաւապէս ընկալող միջազգային հանրութեան առջեւ: Ազգային թերարժէքութեան զգացումն է նաեւ, որ կը պարուրէ զիս, երբ Շուշին կը դիտեմ հեռուէն…
Ն. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ.- Եզրափակելէ առաջ ի՞նչ կ՛աւելցնէք այս բոլորին:
ԶԱՔԱՐ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.- Թեւաւոր խօսքի վերածուած է տարիներէ ի վեր արտայայտած այն միտքս, որ պատերազմը յաղթելէ ետք պէտք է խաղաղութիւնն ալ յաղթել: Մենք պարտուեցանք խաղաղութեան: Այն, ինչ որ ազգովին կատարեցինք վերջին պատերազմին ընթացքին, առնուազն այդքանը անցնող երեսուն տարիներուն պիտի կատարէինք: Մեզմէ իւրաքանչիւրը ունի իր ընելիքը` իր մասնագիտութեան կամ կարողականութեան համապատասխան: Մեզմէ իւրաքանչիւրը Արցախի մէջ պիտի վառէ ի՛ր մոմը, պիտի զետեղէ ի՛ր քարը, որպէսզի Արցախն ու արցախցին շարունակեն ապրիլ ու արարել պապենական մեր այդ նուիրական հողին վրայ: Արցախը հաւասարապէս նաեւ հայաստանցիինն ու սփիւռքահայունն է, եւ բոլորը անխտիր իրենց պարտքը ունին անոր նկատմամբ: Արցախը միայն հեռուէն սիրելու ու յուզուելու համար չէ: Ո՛չ ալ` իբրեւ զբօսաշրջիկ այցելելու ու լուսանկարուելու վայր: Արցախը համայն հայութեան հայրենիքն է, եւ բոլորս պարտք ունինք անոր նկատմամբ: Ժամանակը հիմա է: Արդէն շուտով կրնայ ուշ ըլլալ…