Առաջնորդ Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան Նախագահեց Էնսինոյի Եկեղեցւոյ Հանգանակային Ճաշկերոյթին

ԷՆՍԻՆՕ․- Ուրբաթ, 22 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան նախագահեց Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ օծման 57րդ եւ 58րդ տարեդարձներուն նուիրուած հանգանակային ճաշկերոյթին, որ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, հիւրընկալութեամբ դոկտ. Մայք Սարեանի:
Ճաշկերոյթին ներկայ էին եկեղեցւոյ hոգեւոր հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան, ՀՅԴ «Ռոստոմ» եւ «Ա. Շիրակեան» կոմիտէներու, ուղեկից միութիւններու, Ֆերահեան Ազգային վարժարանի, Մարի Գապայեան մանկապարտէզ-մանկամսուրի տնօրէնութիւններու եւ Ուսումնական մարմինի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ բարերարներ, բարեկամներ եւ հիւրեր:
Կատարուեցաւ սեղանի օրհնութիւն, ապա հոգեւոր հովիւը բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն՝ դիտել տալով, որ պսակաձեւ ժահրի համաճարակին պատճառով տարի մը առաջ կարելի չեղաւ եկեղեցւոյ օծման 57րդ ամեակը նշել, հետեւաբար, վերջին երկու տարիներու միացումով միատեղ կը նշուի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ օծման զոյգ տարեդարձները:
Հոգաբարձութեան անունով խօսք առաւ Արա Փափազեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց այս նպատակին համար աշխատանքի լծուած յատուկ յանձնախումբի անդամներուն եւ նուիրեալ կամաւորներուն, որոնք ոգի ի բռին աշխատեցան ու ոչինչ խնայեցին Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին կանգուն եւ պայծառ պահելու ու օծման զոյգ ամեակները հանգանակային ճաշկերոյթով մը նշելու համար:
Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեանի հրաւէրով, առաջնորդ սրբազան հայրը ճաշկերոյթի մասնակցողներուն ուղղեց իր օրհնութեան խօսքը՝ ըսելով. «Եկեղեցին մեր ժողովուրդին համար աղօթքի տուն եւ միութիւն ապահովող երդիք է: Եկեղեցին Աստուծոյ ողորմած ներկայութիւնն է մարդոց կեանքին մէջ: Այսօր, հաւաքուելով Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, մենք բոլորս կ՛օրհնուինք եկեղեցիէն ճառագայթող շնորհներով: Մինչ դուք՝ եկեղեցւոյ զօրակցելով, ձեր ներդրումը կը բերէք երկրի վրայ Աստուծոյ արքայութեան առաւել եւս ամրապնդման եւ տարածման սուրբ գործին»:
Հուսկ, առաջնորդ սրբազան հայրը եւ Հոգաբարձութեան ատենապետ Յովիկ Պետեւեան, ճաշկերոյթի հիւրընկալ դոկտ. Մայք Սարեանին փոխանցեցին խորհրդանշական նուէր՝ 1173ին գրուած Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» արծաթեայ պահպանակով գիրքէն օրինակ մը, ապա միասնաբար հատեցին կարկանդակը:
Դոկտ. Մայք Սարեան, իր կարգին խօսք առնելով, շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազան հօր, հոգեւոր հովիւին եւ Հոգաբարձութեան, ապա անցեալի դէպքերու պատումով ներկաները մասնակից դարձուց Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ ծառայական անդաստանէն ներս իր ապրած անմոռաց ու քաղցր յուշերուն: Հանգանակային ճաշկերոյթը վերջ գտաւ առաջնորդ սրբազան հօր «Պահպանիչ»ով: