Գալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ
«Քալ Փոլի Փոմոնա» համալսարան
Ալեք Փիլիպոս վարժարան
Փասատինայի քաղաքային համալսարան
«Օքսիտենթըլ» համալսարանՄեսրոպեան վարժարան
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հովանիին տակ գործող վարժողական ծրագիրները վերջերս ներկայացուեցան Հարաւային Քալիֆորնիոյ տարածքին գործող կարգ մը երկրորդական վարժարաններու եւ համալսարաններու հայ ուսանողներու:
Արդարեւ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ծրագիրներու վարիչ Ալեքս Մանուկեան այս նպատակով մայրաքաղաք Ուաշինկթընէն Քալիֆորնիա ճամբորդեց եւ հիւրընկալուեցաւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին, «Օքսիտենթըլ», «Քալ Փոլի Փոմոնա», Փասատինայի քաղաքային համալսարաններու Հայ ուսանողական միութիւններուն, ինչպէս նաեւ Մեսրոպեան եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային վարժարաններուն կողմէ:
Երկրորդական վարժարաններուն մէջ Մանուկեան խօսեցաւ յատկապէս Յարութիւն եւ Էլիզապէթ Գասպարեաններու անուան ամառնային մէկ շաբաթեայ դաստիարակչական ծրագիրին մասին, որ ի մի կը բերէ երկրորդական վարժարաններէ 10 ուսանողներ (17-19 տարեկան), տեղեկութիւններ փոխանցելու համար Հայկական Հարցին եւ ամերիկեան քաղաքական գործելաոճին մասին:
Համալսարաններուն մէջ Մանուկեան ներկայացուց հետեւեալ վարժողական ծրագիրները.
– Յովիկ Աբօ Սաղտճեանի անուան «Քեփիթըլ Կէյթուէյ» ծրագիր (Ուաշինկթըն, anca.org/gateway),
– Լէօ Սարգիսեանի անուան ամառնային վարժողական ծրագիր (Ուաշինկթըն, anca.org/intership),
– Լուսին Քուճաքեանի անուան «Ապագայ ղեկավարներ» եռօրեայ ծրագիր (Ուաշինկթըն),
– Ուոլթըր եւ Լորըլ Քարապեաններու անուան ծրագիր (Քալիֆորնիա),
– Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին ծրագիր:
Մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ իրականացուող ծրագիրներուն մասնակցողները կը մնան «Արամեան տան» մէջ, զոր կարելի եղաւ գնել 2015ին, Արամեան ընտանիքին կատարած նուիրատուութեամբ եւ կոչուեցաւ հանգուցեալ բարերարուհի եւ համայնքային ղեկավար Մարթա Արամեանի ի յիշատակ: