Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը կը յայտարարէ «Մինաս եւ Գոհար Թէօլէօլեան» ժամանակակից գրականութեան 2021 տարեշրջանի մրցոյթի արդիւնքը։
«Թէօլէօլեան» մրցոյթին մասնակցող բազմազան գրութիւններու ընդմէջէն անդամներուն մեծամասնութեան ձայնով դատական կազմը, երկար խորհդակցութիւններէ ետք մեծ դժուարութեամբ տուաւ հետեւեալ որոշումը՝ հայերէնի մրցանակը կը յատկացուի՝ Քարին Չթճեան Փրեսթիի «Աստղիկը Կ՛ուզէ Արագ Մեծնալ» մանուկներու համար պատրաստուած գեղանկարազարդ գիրքին, իսկ անգլերէն մրցանակը կը յատկացուի՝ Լօլա Գունտաքճեանի երկլեզու բանաստեղծական հատորին, Lola Koundakjian, in English & Spanish – poems – The moon in the cusp of my hand։
Դատական կազմը «Աստղիկը Կ՛ուզէ Արագ Մեծնալ» մանկապատանեկան գործը նկատաեց այժմէական եւ սրամիտ ու մեծապէս քաջալերելի, նկատի ունենալով կարիքը նման գրականութեան։ Իսկ Լօլա Գունտաքճեանի երկլեզու երկը դատական կազմը գնահատեց իր իւրայատկութեամբ բանաստեղծի ներաշխարհի պատկերաւոր արտայայտման ձեւի հարազատութեան համար։
Այս մրցանակը կը կրէ հայ գրականութեան երախտաւոր, գրաքննադատ եւ «Հայրենիք» օրաթերթի երկարամեայ խմբագիր, գրականագէտ Մինաս Թէօլէօլեանի եւ անոր կողակիցին` հայոց լեզուի եւ գրականութեան վաստակաշատ ուսուցչուհի Գոհար Թէօլէօլեանի անունը:
Մրցանակը կը շնորհուի Հիւսիսային Ամերիկա բնակող շնորհալի հեղինակներու: Համազգայինի հիմնական նպատակն է այս մրցանակին միջոցով քաջալերել եւ լայն հանրութեան հասցնել հայերէնով կամ հայկական նիւթերու մասին գրող հեղինակներու:
Դոկտ. Քարին Չթճեան Փրեսթի բազմաթիւ մրցանակներ ստացած է։ Ան երաժշտութեան դասախօս է, UCLA համալսարանին մէջ։ Նաեւ ան մանկավարժ, հորինող , մեկնաբան եւ կատարողական արուեստի մասնագէտ է. ան ունի բազմաթիւ հրատարակութիւններ եւ յօրինումներ։
Բանաստեղծ, արուեստագէտ, խմբագիր նիւեորքաբնակ Լօլա Գունտաքճեան հիմնադիրն է Հայ Բանաստեղծութեան Ցանցին։ Ան ունի բազմաթիւ հրատարակութիւններ։ Վկայուելէ ետք Մագիստրոսի տիտղոսով Columbia համալսարանէն, ան մասնակցած է բազմաթիւ համագումարներու եւ իր գիտական ուսումնասիրութիւնները լոյս տեսած են համագումարներու զեկոյցներուն մէջ։ Իր կայքէջերէն է՝ Lola Koundakjian:
Դատական կազմի անդամներն են՝ դոկտ. Սիմա Աբրահամեան (Մոնթրէալ), դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան (Նիւ Ճըրզի), Կարէն Ջալլաթեան (Քալիֆորնիա), Անոյշ Ակներեան (Մոնթրէալ) եւ դոկտ. Միրնա Տուզճեան (Քալիֆորնիա):