Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հայաստանի լրատու աղբիւրները, հազուադէպ միաձայնութեամբ, Հինգշաբթի, 14 Հոկտեմբերին հաղորդեցին գոհունակութիւն առթող լուր մը: Հայաստան, Ազրպէյճանի դէմ մեղադրանքներու հսկայական թղթածրարով մը, դիմած է Լա Հէյի միջազգային դատարանին, ներկայացնելով արդար պահանջներ: (Ուշ լինի, նուշ լինի…): Հայաստանի ներկայացուցիչն ու տարբեր ազգերէ օրէնսգէտներ, իրաւաբաններ Ազրպէյճանը մեղադրած են Հայաստանի եւ յատկապէս Արցախի դէմ թշնամական արարքներով, դիրքորոշումներով ու այդ ընթացքը անշեղօրէն շարունակելու յանցանքներով: Նիստերը պիտի շարունակուին:
Մեղադրանքները ծանրացած են գերիներու անլոյծ հարցին, ցեղապաշտական մօտեցումով ատելութեան արշաւներուն, մշակութային ժառանգութեանց փոշիացումին (չըսուեցաւ, թէ մէկը յիշա՞ծ է Նախիջեւանի խաչքարերու փճացումը), Պաքուի մէջ հայկական զինուժը վարկաբեկող այլանդակ ցուցահանդէսին եւ նման թրքատիպ վարմունքներուն վրայ: Ծանօթ է, որ այս ատեանը միջազգային գերագոյն հեղինակութիւն մըն է, որ յաջորդ լսումներէն ետք, վստահաբար միայն մէկ դուռ պիտի ունենայ իր դիմաց. Դատապարտել Ազրպէյճանը եւ պահանջել սխալներու սրբագրումը (սա, իրաւունք ունինք հաւատալու, որ պարզ ցանկութենէ անդին գացող բան է):
Լա Հէյի ատեանին կողմէ Ազրպէյճանը դատապարտող թղթածրարին քննարկումը, ինքնին, դրական շարժում է: Չենք ուզեր ատեանին տալիք վճիռին մասին վերջնական կանխատեսումներ կատարել (բոլորովին այլ բան, թէ տրուելիք արդար վճիռը ինչպէ՞ս եւ որո՞ւն ձեռքով գործադրութեան պիտի դրուի): Արդէն ի յայտ եկած է դրական քայլ մը. Հայաստանի ներկայացուցիչը հաւաստիք տուած է, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները հայոց հանդէպ ատելութիւն սերմանող ,պուրակեէն հեռացուցած են հայ զինուորներու խամաճիկներն ու ցուցադրուող սաղաւարտները. հայկական կողմն ու համախոհները կը սպասեն, որ այդ պուրակը միանգամ ընդմիշտ վերնայ:
Նման զարգացումէ բխող գոհունակութիւնը լիարժէք չէ, այլ զայն կարելի է կոչել միայն կիսաքայլ:
Ինչո՞ւ կիսաքայլ:
Որովհետեւ (եւ հիմնուելով Լա Հէյի ատեանի նիստին մասին հաղորդուած տեղեկութիւններուն վրայ) հայկական կողմն ու զօրակիցները յայտնապէս անտեսած են տագնապին ամբողջութիւնը, Ազրպէյճանի ու անոր զինակից Թուրքիոյ կողմէ տարի մը առաջ (նաեւ շատ աւելի կանուխ) գործադրուած ոճիրներուն լիագումար ծաւալն ու ԽՈՐՔը: (Եթէ Ազրպէյճանի դէմ մեղադրանքները ընդգրկած են Արցախի հայկական հողերուն շուրջ 75 առ հարիւրին գրաւումը, շէներու կործանումը, արգիլեալ զէնքերու գործածութիւնն ու ահաբեկիչներու ռազմադաշտ բերուիլը, այդ մասին ինչո՞ւ լուռ մնացին հաղորդումները: Իսկ եթէ յաջորդ նիստերուն պիտի ներկայացուին անոնք, ինչո՞ւ գաղտնի կը պահուին…): Լա Հէյի ատեանը այնպիսի բեմ մը չէ, ուր տագնապ մը, դատ մը ներկայացուի ,մասնավճարներովե: Մեր մշակութային ժառանգութեանց փճացման եւ Պաքուի ,պուրակեին (որ զուտ ներքին քարոզչական նպատակ կը հետապնդէ) վերնալուն չափ, մինչեւ իսկ անոնցմէ աւելի՛ կարեւոր են թշնամանքին միւս երեսները՝ հողի կորուստը, քանդումներն ու սպանդը, գերիները…:
Հետեւաբար, իւրաքանչիւր հայու սպասումն է, որ Արցախի դատին այս երեսները իրենց ամբողջական տարողութեամբ ներկայացուին միջազգային նման բեմերու վրայ, որովհետեւ առնուազն զգալի է, որ մեզի հանդէպ դրական տրամադրութիւններ կան միջազգային շրջանակներու մէջ, պէտք է յաւելեալ հզօրանքով լարել մեր դիւանագիտական եւ իրաւագիտական մկանները՝ յաւելեալ գետին նուաճելու համար:
***
Լա Հէյի մէջ եղածը դրական կիսաքայլ որակելու այլ պատճառներ ալ ունինք:
Առաջին. նոյն օրը, ինչպէս հաղորդեցին նոյն աղբիւրները, տեղի ունեցած է Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը (աւելի լայնածիր ժողովի մը լուսանցքին): Այդ հանդիպումի արդիւնքին մասին տեղեկութիւնները եղան ժլատ (ինչպէս որ ժլատ մնացին անկէ քանի մը օր առաջ տեղի ունեցած Փութին-Փաշինեան հանդիպումի արդիւնքին մասին տեղեկութիւնները). հայ նախարարը բաւականացած է ըսելով, որ քննարկուած են 9 Նոյեմբերի յայտարարութեան ցարդ չգործադրուած մասնիկները, մասնաւորաբար հայ գերիներու տունդարձի հարցը: Հորիզոն(ներ)ը դարձեալ կը մնայ անորոշ եւ մառախլապատ: (Իսկ թէ 9 Նոյեմբերի յայտարարութիւնը պէ՞տք է պահել իբրեւ դրական դրօշ, երբ անկէ բխելիքին մեծ մասը հայավնաս է, այդ ալ բոլորովին ուրիշ պարագայ է):
Երկրորդ, դաշնակից նախագահներու հետ հեռակայ հանդիպումի մը պահուն, Հայաստանի վարչապետը դարձեալ խօսած է Հարաւային Կովկասի մէջ ճամբաներու վերաբացման եւ անկէ գալիք օգուտներուն մասին: Նման ծրագիրի բարիքները ո՛չ ոք կը ժխտէ, սակայն երբ աչքի առջեւ ունենաք դաժան իրականութիւնները՝ նա՛եւ Հայաստանէն հողամասերու Ազրպէյճանի բռնակցում (դարձեալ չխօսինք նման գրաւումներ ,վաւերացնողե Հայաստանի վարչապետին եւ իր խմբակին այլ անդամներու յայտարարութիւններուն մասին), սպառնալիքներու յանկերգ, հայկական պահանջներէ հրաժարելու նախապայմաններ, սահմաններու վրայ զինեալ միջադէպեր (միայն նոյն օրը Արցախի սահմանին վրայ ազերիները վիրաւորած են 6 հայ զինուոր, ու իշխանութիւնները ուրախ են որ զոհ չունինք, կարծէք թէ վիրաւոր տալն իսկ պէտք է ուրախալի բան սեպել, իսկ նախորդ օրերուն եւ շաբաթներուն ինկած զոհերուն թիւը ՄԷԿ ԱՌ ՄԷԿ կը ստուարանայ…):
Այլ խօսքով, երբ միջազգային բեմին վրայ լուրջ կերպով եւ արդարօրէն Ազրպէյճանի դէմ մեղադրանք կը ներկայացնես, զայն կը փորձես նստեցնել ամբաստանեալի աթոռին, նոյն այդ շրջանակներուն ի՞նչ պատգամ տուած կ՛ըլլաս, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ բարեկամութիւն խաղալու քարոզներով, մինչդեռ անոնց քու ներկայացուցած հին ու նորագոյն մուրհակներդ կը մնան բաց, անհատոյց:
***
Հաւանաբար մտածող ըլլայ, թէ այսօրուան աշխարհին մէջ սա կարելի է կոչել ,բարձր դիւանագիտութիւնե, այսինքն, մէկ կողմէ մեղադրող խաղալ, միւս կողմէ բարեկամութիւն բեմադրել (չէ՞ որ Միացեալ Նահանգներ ու արեւմուտքցի դաշնակիցները նման վարքագիծի կը հետեւին, օրինակի համար՝ Աֆղանիստանի մէջ, մէկ լարի վրայ բանակցելով, Թալեպանեին հետ, միւս կողմէ քարոզչական բոլոր միջոցները արձակելով անոր դէմ…):
Թէ նման ,բարձր դիւանագիտութիւնե կրնա՞յ շահ բերել բոլորիս ծանօթ վիճակին մատնուած Հայաստանին, պիտի չըլլա՞յ , սեփական ոտքին կրակելուե համազօր արարք՝ թող դատեն բանականութիւն եւ տրամաբանութիւն ունեցողները: Մինչդեռ, Հայաստանի, Արցախի ու ամբողջ հայութեան պահանջը, ակնկալութի՛ւնն է չբաւականանալ կիսաքայլերով, այլ ԲՈԼՈՐ ՈՒԺԵՐԸ լծել լիարժէք եւ ամբողջական մարտավարութեան մը, այն համոզումով, որ ԱՐԴԱՐ ԵՆՔ, իրաւունքը չի կրնար մեզի դէմ ըլլալ, եթէ սորվինք զայն ճիշդ ձեւով հետապնդելու ձեւերը:
14 Հոկտեմբեր 2021