
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան Գրական միաւորին՝ Հինգշաբթի, 28 Հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ Զահրատի (Զարեհ Եալտըզճեան) գրականութեան նուիրուած առցանց դասախօսական երեկոյ մը, առաջնորդութեամբ գրող Սեդա Գրիգորեանի:
Քննարկումին կարելի է մասնակցիլ Zoom հարթակին միջոցաւ (Meeting ID: 864 7185 3213, Passcode: 406800)։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել (818) 631-7611 թիւին։