«Գանձասար»
Հայաստան-Սուրիա յարաբերութիւնները պատմական են: Ինչպէս Հայաստանի ճգնաժամերուն Սուրիան օժանդակած է Հայաստանին, փոխադարձաբար ալ Հայաստան իր քաղաքական դիրքորոշումներով տեւաբար նեցուկ կանգնած է Սուրիոյ, յատկապէս Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն դատապարտելով ահաբեկչական ներխուժումները Սուրիա, քաղաքական հարթակներու վրայ պաշտպանելով Սուրիոյ ժողովուրդին իրաւունքները եւ մարդասիրական խումբեր առաքելով Սուրիա՝ ականազերծման եւ բժշկական այլազան ծառայութիւններու համար:
Հայաստանն ու Սուրիան ինչպէս քաղաքական, այնպէս ալ տնտեսական յարաբերութիւններ ունեցած են տարիներ շարունակ: Երկու ժողովուրդներու բարեկամութիւնը սատարած է այդ յարաբերութիւններու զարգացման:
Հայաստանի վերանկախութենէն ետք, 1992էն մինչեւ 2010 Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սուրիոյ Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ ստորագրուած են առեւտրատնտեսական, կրթական, արհեստագիտական, արդիւնաբերական, մշակութային գործակցութեան շարք մը համաձայնագրեր: «Օդային հաղորդակցութեան մասին» համաձայնագիրը ստորագրուած է 30 Ապրիլ 1995ին, Դամասկոսի մէջ:
Նախքան Սուրիոյ պատերազմը, Հալէպի շարք մը շուկաներ կը հիւրընկալէին հայաստանցի առեւտրականներ, հայաստանեան արտադրութիւններ եւս կ՛երեւէին սուրիական շուկաներու մէջ: Երկու երկիրներուն մէջ ալ սուրիական եւ հայաստանեան արտադրութիւններու ցուցահանդէսներ յաճախ կը կազմակերպուէին:
Տնտեսական այս յարաբերութիւնները նուազագոյնի հասան պատերազմի տարիներուն, երբ սուրիական օդանաւային ընկերութիւններու արտաքին թռիչքները նուազեցան, իսկ Հայաստան-Սուրիա ցամաքային կապը խզուեցաւ: Թէեւ Հայաստան-Սուրիա տնտեսական գործակցութեան խորհուրդ մը կը գործէր, ու որոշ սուրիահայեր պատերազմի տարիներուն Երեւանի մէջ հիմնեցին գործարաններ, այդուամենայնիւ երթեւեկութեան եւ ապահովական դժուարութիւնները արգելք կը հանդիսանային տնտեսական հարթ գործակցութեան:
Դամասկոս-Երեւան թռիչքը կը բանէր պատերազմի տարիներուն, սակայն Հալէպ-Երեւան թռիչքին վերականգնումը շարք մը առաւելութիւններ պիտի ունենայ երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու գործակցութեան աշխուժացման իմաստով:
Հալէպ-Երեւան թռիչքը սուրիական արտադրութիւնները հասանելի կրնայ դարձնել ոչ միայն հայաստանեան շուկաներ, այլեւ ԵՏՄի (Եւրասիական տնտեսական միութեան) անդամ երկիրներու եւ նոյնիսկ անոնց ճամբով եւրոպական շուկաներ:
Հալէպը Սուրիոյ առեւտրատնտեսական կեդրոնն է եւ նախապէս երկու երկիրներու միջեւ առեւտրատնտեսական գործունէութիւնները կը ծաւալէին Հալէպի օդակայանին միջոցով: Ուստի օդային ապրանքափոխանակման աշխուժացման համար Հալէպի Միջազգային օդակայանին բանեցումը դրական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ երկու երկիրներու տնտեսական յարաբերութեան աշխուժացման վրայ, յատկապէս երբ այս իմաստով նոր պայմաններու լոյսին տակ համաձայնութիւններ կը ստորագրուին եւ Սուրիոյ առեւտրատնտեսական մարզին մէջ նոր օրէնքներ կը սահմանուին՝ դիւրացնելու ներկայ պայմաններուն մէջ արդիւնաբերական աշխատանքն ու առեւտուրը: Այս իմաստով կարեւոր է նաեւ Հալէպի արդիւնաբերական կեանքի աշխուժացման նպաստող ելեկտրականութեան եւ վառելանիւթի հայթայթումը, ինչպէս նաեւ արդիւնաբերողներու համար քաջալերական պայմաններու ստեղծումը:
Հայաստան իր կարգին կրնայ իր արտադրութիւնները հասցնել Սուրիա, յատկապէս օգտուելով Հայաստան հաստատուած մեծաթիւ սուրիահայերու ներկայութենէն եւ Սուրիա-Հայաստան տնտեսական գործակցութեան խորհուրդի գործակցութենէն:
Օդային այս հաղորդակցութիւնը կրնայ նոր աւիշ ներարկել Երեւանին եւ Հալէպին՝ նկատի ունենալով երկու երկիրներու դիմագրաւած տնտեսական եւ ապահովական դժուարութիւնները: