ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Զինուած ուժերու N զօրամիաւորումին մէջ բացումը կատարուեցաւ 44օրեայ պատերազմին նահատակուածներուն նուիրուած պուրակին, որ կը կրէ «Կեանքս՝ կեանքիդ գնով» անունը:
Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ եպս. Գալստանեանի ձեռամբ կատարուեցաւ յիշատակի ոգեկոչման կարգ եւ խաչքարի օծման արարողութիւն: Ներկայ էին զօրամիաւորման հրամանատարական կազմը, զոհուածներուն հարազատները, մարտական եւ ծառայակից ընկերները, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ ուրիշներ:
