ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 21 Սեպտեմբերին, Աշոտ Ղուլեանի յուշակոթողին մօտ հանդիսաւոր երդման արարողութեամբ ՀՅԴ շարքերուն միացեան 7 նորագիրներ:
Ներկայ էին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամները, ՀՅԴ Ստեփանակերտի եւ շրջաններու կոմիտէներու ներկայացուցիչներ, ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան անդամներ:
Նախքան երդման արարողութիւնը, ներկաները ծաղիկներ զետեղեցին Աշոտ Ղուլեանի յուշակոթողին վրայ:
Կուսակցական երդման արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ նաեւ խոստման արարողութիւն, որուն ընթացքին ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան շարքերը համալրեցին 2 նորագիրներ:
Երդման արարողութեան կնքահայրը Ալեօշա Գաբրիէլեանն էր, իսկ խոստման արարողութեան կնքահայրը` Սերգեյ Շահվերդեան:
Ալեօշա Գաբրիէլեան, նախքան երդման արարողութիւնը նշեց, որ նորագիրներուն համար ասիկա յիշարժան օր է, որովհետեւ կը համալրեն շարքերը այն կուսակցութեան, որ անցած է պատերազմի բովով, իր ժողովուրդին կողքին եղած է միշտ, եւ, ինչպէս երդման մէջ կ՛ըսուի` պէտք է պատրաստ ըլլալ նոյնիսկ կեանքի գնով պաշտպանել հայրենիքը:

Սերգեյ Շահվերդեան իր կարգին նշեց, որ Հայաստանի անկախութեան տօնին առիթով կազմակերպուած երդման եւ խոստման արարողութիւնները յատկապէս կարեւոր են այն առումով, որ այս օրերուն խալխլած է Հայաստանի անկախութիւնը:
Երդման եւ խոստման արարողութիւններէն ետք կուսակցութեան շարքերը համալրողերը ընդունեցին շնորհաւորութիւններ, իսկ այս առիթով խօսք առաւ Լեռնիկ Յովհաննիսեան, որ դիտել տուաւ, թէ մեր ժողովուրդը լաւ չի ճանչնար Դաշնակցութիւնը, որովհետեւ 70 տարիներ շարունակ Խորհրդային ժամանակաշրջանին Դաշնակցութեան դէմ հակաքարոզչութիւն կը ծաւալէր, իսկ Արցախեան շարժումէն ետք, երբ սկսաւ պատերազմը, Դաշնակցութիւնը ժամանակ չունէր Հայաստանի մէջ ինքնաքարոզչութեամբ զբաղելու․ կարեւորը պատերազմի դաշտին վրայ յաղթանակի կերտումն էր:
«Բոլորն էլ գիտեն, որ ինքնապաշտպանական մարտերը առաջին հերթին կազմակերպուել են Դաշնակցութեան միջոցով, իսկ առաջին զէնքերը դաշնակցականներն են բերել Արցախ: Հէնց այդ պատճառով ժողովուրդն իր հայեացքն ուղղեց դէպի Դաշնակցութիւն, իսկ երբ եկաւ խաղաղութեան ժամանակները, մեր ընկերներին բանտեր նետեցին», յայտնեց Լեռնիկ Յովհաննիսեան: