ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի յառաջացուցած «Մենք ենք Գիւմրին» յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ յստակացած են 2021-2022ի կրթական տարեշրջանին համար Մինա Շիրվանեանի անուան կրթանպաստները ստացող համալսարանական ուսանողներու անունները:
Հայաստանի Շիրակ մարզէն ուսանողներու յատուկ այս կրթանպաստներու հիմնադրամը հաստատուած էր հանգուցեալ Յակոբ եւ Մինա Շիրվանեաններու կողմէ, որոնց բարերար գործերու փաստերը տարածուած են Արեւմտեան Ամերիկայէն մինչեւ Հայաստան ու Արցախ: Անոնք նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերած են բազմաթիւ ազգանպաստ ծրագիրներու եւ ազգային կազմակերպութիւններու՝ նեցուկ կանգնելով յատկապէս հայ երիտասարդութեան:
Այս տարուան կրթանպաստները ստացողներն են՝ Յասմիկ Սարգսեան, Ալվարդ Ղարիպեան, Գոհար Գալոյեան, Փառանձեմ Փոլոյեան, Սիւզանա Կարապետեան, Ամալիա Մկրտչեան, Զօրի Մովսիսեան, Արմենուհի Նիկողոսեան, Մարի Ժամկոչեան, Ելենա Յովհաննիսեան, Շուշանիկ Աւագեան, Աշոտ Գրիգորեան, Ժենիա Միրիամեան եւ Նայրա Սիմոնեան։
Նշենք, որ կրթանպաստ ստացող ուսանողները սովորաբար կամաւոր սպասարկութիւններ կը մատուցեն Գիւմրիի մէջ հաստատուած «Շիրվանեան» երիտասարդական կեդրոնին, որ մշակութային եւ դաստիարակչական ծառայութիւններ կը տրամադրէ քաղաքին եւ Շիրակ մարզի երիտասարդներուն ու նոյնպէս կը տնօրինուի «Մենք ենք Գիւմրին» յանձնախումբին կողմէ։