ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»․- Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան, 22 Սեպտեմբերին ելոյթ ունենալով ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի 76րդ նստաշրջանին՝ անդրադարձաւ նաեւ Արցախի հարցին: Ան մասնաւորապէս կրկնեց Պաքուի կողմէ յառաջ մղուող՝ «Ատրպէյճանի տարածքները ազատագրելու» մասին թրքական յայտնի թէզերը:
«Ատրպէյճան օգտագործեց ինքնապաշտպանութեան իր իրաւունքը, իր տարածքներուն գրաւումին վերջ դնելու համար` կեանքի կոչելով ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերը, որոնք տարիներ շարունակ չէին իրականացուեր», նշեց ան:
Վերջինս նաեւ յայտարարեց, որ նշեալ իրադարձութիւնը նոր պատուհան բացած է, տարածաշրջանին մէջ կայունութիւն եւ խաղաղութիւն հաստատելու համար, խոստանալով «աջակցիլ այդ գծով կողմերուն իւրաքանչիւր դրական քայլին»:
Միւս կողմէ, Էրտողան եւ Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցաշ հանդիպման ընթացքին քննարկեցին Հարաւային Կովկասի իրավիճակը` անդրադառնալով նաեւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու ներկայ վիճակին: