ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Որքան յաջողութիւններ, նոյնքան ալ ձախողութիւններ կան մարդկային կեանքին մէջ: Սակայն, ոմանք իրենց ուշադրութիւնը միայն ձախողութիւններուն վրայ կը կեդրոնացնեն եւ այդ պատճառաւ յոռետես կը դառնան, այնպէս կարծելով, որ ձախողութիւններով լեցուն է այս աշխարհը: Երբեմն, իրենց կեանքին ընթացքին պատահած մէկ ձախողութիւն պատճառ կը հանդիսանայ, որ նման անձեր իրենց շրջապատին նային խաւարած աչքերով, եւ ամէն ինչ մութ գոյներով տեսնեն: Միւս կողմէ, լաւատես մարդիկ միայն յաջողութիւններուն վրայ կը կեդրոնացնեն իրենց ուշադրութիւնը եւ դրական հայեացքով կը նային ամէն ինչի: Այսպիսիներ նոյնիսկ եթէ հանդիպին ձախորդութեան, անոր մէջ իսկ դրական կէտ մը կը գտնեն, զայն «փորձառութիւն» անուանելով:
Վերոյիշեալ երկու խումբի մարդոց տեսակէտները շատ անձնական են եւ կարելի չէ՛ հիմնուիլ անոնց վրայ, որովհետեւ մարդ էակը յաճախ տրամադրութիւններու զոհ կը դառնայ, ոչ միայն իր առողջութիւնը կորսնցնելով, այլեւ երբեմն ալ իր կեանքը…:
Ուրիշին յաջողութիւններով ուրախանալու փոխարէն տառապող մարդը, գիշերուան հանգիստ քունը կրնայ կորսնցնել, մինչդեռ ուրիշին յաջողութիւններով իսկապէս ուրախացողը` եթէ ոչ անոր չափ, սակայն գէթ մօտաւորապէս երջանիկ կը զգայ, նորանոր խորհուրդներ տալով ու քաջալերելով յաջողակը:
Երկու խումբի մարդոց տեսակէտը մեկնակէտ չընդունելով, մենք պիտի կառչինք ընդհանրական գաղափարին. որքան յաջողութիւն, նոյնքան ալ ձախողութիւն: Այս երկու երեւոյթները երկաթուղիի զուգահեռներուն յամառութեամբ յառաջ կ՛ընթանան եւ առանց զիրար կորսնցնելու միասին կը քալեն: Բացայայտ իրողութիւն է, որ շատ յաջողակ անձ մը յանկարծ կրնայ ձախորդութեան մը հանդիպիլ եւ կորսնցնել իր տարիներու ընթացքին վաստակած հարստութիւնը: Նոյնպէս ալ հակառակը. իր բոլոր նախաձեռնութիւններուն մէջ ձախողած անձ մը յանկարծ նոր քայլ մը կ՛առնէ, ու բախտը ժպտալով իրեն, բոլոր գործերը յաջողութեամբ կը պսակուին: Բազմաթիւ են օրինակները նման մարդոց, որոնք բնաւ չեն թաքցներ նախապէս իրենց տնանկ եղած ըլլալը: Միւս կողմէ անոնք, որոնք մեծահարուստ եղած են ու ապա սնանկացած, կը քաշուին հրապարակէ, մինչեւ իսկ իրենց բարեկամական շրջանակէն հետզհետէ կը չքանան, ամչնալով իրենց նոր կացութենէն ու աղքատութեամբ կը տնքան:
Երիտասարդական տարիքը շատերու կարծիքով արկածախնդրական ժամանակահատուած մըն է այս կեանքին համար: Պատանիներն ու պարմանուհիները երանի կու տան երիտասարդութեան եւ շուտով կ՛ուզեն այդ տարիքը թեւակոխել, իսկ միջին եւ աւելի մեծ տարիքի մարդիկ երիտասարդութիւնը արկածախնդրութեան հետ նոյնացած կը տեսնեն: Ծնողներ այնքան զգուշ են իրենց նորահաս զաւակներուն ապագային նկատմամբ, որ կարծէք իրենք այդ տարիքի մէջ չեն եղած բնաւ: Ոմանք հանգստացնելու համար մտահոգ ծնողները, կը յիշեցնեն անոնց՝ ըսելով, որ դուք ալ նոյն տարիքի եղած էք. ձգեցէ՛ք, որ ձեր զաւակներն ալ իրենց երիտասարդութիւնը ապրին: Սակայն, անոնք միշտ ալ ունին հիմնական պատճառաբանութիւն մը, որ «աշխարհին փոխուած ըլլալ»ն է: Ընկերաբանութիւնը չընդունիր նման աժան պատճառաբանութիւն, որովհետեւ իւրաքանչիւր դարաշրջան իր ժամանակին համար միշտ նոր պիտի ըլլայ: Սակայն ծնողներուն ցուցաբերած զգուշաւորութիւնը ընկերաբանութենէն վեր իրականութիւն է, աստուածապարգեւ զգացումի մը արդիւնքն է, որմով անոնք բնազդաբար կը կիրարկեն Աստուծոյ պատուէրը, իրենց զաւակները բարոյական կեանքի օրէնքներուն համապատասխան դաստիարակելով, զանոնք դնելու համար աստուածահաճոյ կեանքի ուղիին մէջ:
Իւրաքանչիւր անհատի համար արտաքին ազդեցութիւնները իրենց դրական եւ ժխտական դերակատարութիւնը կ՛ունենան: Մարդը զգացական էակ մը ըլլալով, միշտ պատրաստ է ազդուելու, ուղղութիւն փոխելու կամ իր նպատակէն շեղելու: Ինչպէս հաստատեցինք, այս «շեղումը» կրնայ ճիշդ եւ սխալ ուղղութեամբ թեքում իմացուիլ: Օրինակ, եթէ տուեալ անհատը սխալ ընթացքի մէջ է, արտաքին դրական ազդեցութիւն մը կրնայ վճռական դեր խաղալ, ենթական ճիշդ հունի մէջ դնելով: Ծնողներու, դաստիարակներու եւ լաւ ընկերներու ներկայութիւնը յաճախ այս առումով հրաշքներ կը գործէ, մեծ փոփոխութիւն յառաջացնելով իր ուղին կորսնցուցած անձի կեանքին մէջ: Նոյնին հակառակ ուղղութիւնն ալ տեսնուած է, երբ իր ամբողջ մանկութեան ու պատանեկութեան տարիներուն ճիշդ դաստիարակութիւն ստացած անձ մը յանկարծ կ՛իյնայ վատ ընկերներու ժխտական ազդեցութեան ցանցին մէջ եւ կը խորտակէ այն, ինչը երկու եւ աւելի տասնամեակներու ընթացքին կառուցուած էր իր մէջ: Բարի անձնաւորութիւններու տարբեր տեսակի մոլութիւններու կեղտոտ հորերուն մէջ յայտնուիլը ի՞նչ բանի արդիւնք է, եթէ ոչ արտաքին բացասական ազդեցութիւններու բերմամբ կեանքի բուն նպատակէն շեղելու դժբախտութեան:
Կեանքի սեփական նպատակէն շեղելու պատճառներէն մէկն է նաեւ որոշ մարդոց միտքին մէջ ստեղծուած այն «շփոթ»ը, չըսելու համար նախանձը, ի տես ուրիշներու արձանագրած յաջողութիւններուն: Այս նախանձը շատերուն միտքն ու հոգին կը չարչրկէ: Նախանձոտ անձը նոյնիսկ իր տեսադաշտէն դուրս կամ հեռու գտնուողներուն արձանագրած յաջողութիւններուն մասին կը սկսի մտածել: «Շփոթը» կը սկսի այն պահուն, երբ ենթական բաղդատականներ կը կատարէ իր եւ այն անձին գործունէութեան միջեւ, որ ըստ իրեն, յաջողութիւններ արձանագրած է: Ահա ճիշդ այս պահուն, նախանձոտին կողմէ իր կեանքին համար նշանառուած նպատակէն շեղում մը կ՛արձանագրուի: Դուն ուրիշին նպատակին եւ գործունէութեան հետ ինչո՞ւ կը համեմատես քու սեփական կեանքիդ նպատակը: Դուն նպատակիդ կառչէ եւ թող որ ուրիշնե՛ր նախանձով նային քու նպատակիդ եւ կեանքիդ յաջողութիւններուն:
Դուն նպատակիդ կառչէ: Այս է յաջողութեան մեկնակէտը կեանքի մէջ: Այս սկզբունքին պարանը պէտք չէ թուլնայ, այլապէս կեանքի ընթացքին առնուած բոլոր քայլերը կը սկսին ձախորդութիւններով ընթանալ, այսօր այս բնագաւառին մէջ, վաղը միւսին, եւ շարունակաբար ամէն տեղ տկարութիւններ կը յայտնուին, որովհետեւ գլխաւոր նպատակը շփոթի մատնուած է եւ նպատակակէտին նկարը պղտորած:
Բարոյագիտութեան գործածած բառապաշարը փոխ առնելով, վերոյիշեալ երեւոյթը կրնանք բանաձեւել «ճամբան կորսնցուցած մարդ» եզրոյթով: Այս կեանքին մէջ քանի՜ անձեր իրենց գտած սկզբնական ճիշդ ճանապարհէն շեղած են: Ոմանք անդրադարձած են իրենց սխալին, իսկ ուրիշներ, յամառութեան ախտով վարակուած, մինչեւ իրենց կեանքին վախճանը շարունակած են նոյն ճամբան, կորուստի մատնելով իրենց անձը: Դժբախտներ են այս վերջինները, որոնք հաւանաբար չեն ունեցած խրատատու անձ մը, եւ կառչած մնացեր են իրենց սխալ որոշման:
Դուն նպատակիդ կառչէ: Այս պատուէրին մէջ նաեւ պատգամ մը կայ, սեփական կարողութեանդ չափը լաւ գիտնալու: Նպատակիդ մէջ փոփոխութիւն եթէ պիտի բերես, պէտք է կարողութեանդ համապատասխան ըլլայ այդ նորութիւնը, այլապէս դարձեալ ձախողութեան պիտի մատնուիս, բնաւ չհասնելով այն նպատակին, զոր այնքան սիրելով երազեր էիր: Դուն սերտօրէն նպատակիդ կառչէ, եւ վստահ եղիր, որ կը յաջողիս: