
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 30ամեակին կապակցութեամբ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին շնորհաւորական ուղերձ յղած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, զօր կու տանք ստորեւ․
«Ընդունեցէք անկեղծ շնորհաւորանքներս Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 30ամեակի կապակցութեամբ:
Ռուս-հայկական յարաբերութիւնները կը կրեն բարեկամական, դաշնակցային բնոյթ: Մեր պետութիւններուն միջեւ հաստատուած է սերտ համագործակցութիւն տարբեր ոլորտներու մէջ եւ կառուցողական գործակցութիւն ԵԱՏՄի, ՀԱՊԿի եւ ԱՊՀ շրջանակներէն ներս: Վստահ եմ, որ համատեղ ջանքերով մենք պիտի շարունակենք հզօրացնել երկկողմանի գործընկերութիւնը, բոլոր ոլորտներուն մէջ:
Այսօր Հայաստանը ստիպուած է դիմագրաւելու լուրջ մարտահրաւէրներ․ սակայն կը հաւատանք, որ նոյեմբերեան եւ յունուարեան եռակողմ պայմանաւորուածութիւններուն հետեւողական իրականացումը, ամենաբարձր մակարդակով, պիտի ապահովէ ձեր երկրին եւ ամբողջ Անդրկովկասի խաղաղ, բարեկեցիկ զարգացումը:
Կը մաղթեմ ձեզի, յարգելի Նիկոլ Վովայի, քաջառողջութիւն եւ յաջողութիւններ, իսկ Հայաստանի բոլոր քաղաքացիներուն` երջանկութիւն եւ բարգաւաճում»: