Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու առաջնորդները` Անուշաւան արքեպիսկոպոս Դանիէլեան (Արեւելեան թեմ), Բաբգէն արքեպիսկոպոս Չարեան (Գանատայի Հայոց թեմ) եւ Թորգոմ եպիսկոպոս Տօնոյեան (Արեւմտեան թեմ), կը հրաւիրեն իրենց համայնքի զաւակները՝ միահամուռ ջանքերով շարունակելու Լիբանանի հայութեան ի նպաստ օժանդակութեան արշաւը:
Ի հետեւումն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի կոչին, հարկաւոր է նոր թափ տալ համայնական ջանքերուն, համօրէն սատար հանդիսանալու Սփիւռքի սիրտն ու ոգին հանդիսացող լիբանանահայութեան, որ տասնամեակներ շարունակ կենսատու աւիւն ջամբեց մեր բոլոր գաղութներուն:
Առ այդ, երեք առաջնորդները, իրենց պատրաստակամութիւնն ու անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնելով լիբանանահայութեան վերականգնման համազգային ճիգերուն, կը յորդորեն Հիւսիսային Ամերիկայի մեր համայնքի բոլոր զաւակները, որ միասնակամութեամբ եւ առաւել յանձնառութեամբ, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս, գործնական քայլերով բարոյապէս ու նիւթապէս նեցուկ կանգնին, եւ յոյսի շողերով լուսաւորեն Լիբանանահայ եղբայրներուն ու քոյրերուն, մանուկին ու տարեցին մթագնած հոգիները, յաղթահարելու ներկայի յամեցող աննկարագրելի տագնապը:
Անուշաւան Արք. Դանիէլեան
Բաբգէն Արք. Չարեան
Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան
15 Սեպտեմբեր, 2021