ԹՈՒՐՔԻԱ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ-ՓԱՔԻՍՏԱՆ ՌԱԶՄԱՓՈՐՁԵՐ
ԹԵՀՐԱՆ.- Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգեց Կասպից ծովուն մէջ թուրք-ատրպէյճանական ռազմափորձերուն` յիշեցնելով, ոչ-կասպեան պետութիւններու զօրքերու ներկայութեան արգելքին մասին:
Պատասխանելով ռազմափորձերուն մասին լրագրողներու հարցումին` Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ յայտարարեց, որ «Կասպից ծովու իրաւական կարգավիճակի մասին» հռչակագիրը անոր յստակ պատասխաըն կու տայ:
Կասպեան աւազանի բոլոր հինգ երկիրները` Ռուսիա, Իրան, Ատրպէյճան, Ղազախստան եւ Թիւրքմենիստան համաձայնած են, որ այլ պետութիւններու զինուորական ներկայութիւնը անօրինական է: Ըստ անոր, հարցը կը քննարկուի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ:
Յայտնենք, որ Արաբական լիկայի արտաքին գործոց նախարարները Թուրքիոյ կոչ ըրած էին՝ դադրեցնելու «Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի մէջ սադրանքները»:
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի մէջ ընթացք առած են այդ երկրին, Թուրքիոյ եւ Փաքիստանի մասնայատուկ ուժերու միացեալ ռազմափորձերը:
Ըստ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան՝ 12 Սեպտեմբերին ընթացք առած ռազմափորձերը պիտի տեւեն մինչեւ 20 Սեպտեմբեր:
«Երեք եղբայր-2021» ռազմափորձերուն հիմնական նպատակը կը հանդիսանայ «ստորաբաժանումներուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան բարելաւումը, ինչպէս նաեւ պատրաստուիլը գործողութիւններու` խաղաղ եւ պատերազմական իրավիճակներու մէջ», կ՛ըսուի ռազմափորձերուն մասին հաղորդագրութեան մէջ: