ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 10 Սեպտեմբերին հրաւիրեց գերատեսչութիւններու մարմիններու աշխատանքային ընդլայնուած խորհրդակցութեան։
Քննարկուեցան 2020ին Արցախի դէմ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմին ընթացքին Արցախի պաշտպանութեան մասնակցած անձերուն մարտական գործողութիւններու մասնակիցի կարգավիճակ տրամադրելուն վերաբերող հարցերը։
Կատարուած աշխատանքներուն վերաբերեալ զեկոյցով հանդէս եկաւ վերոնշեալ հարցերով զբաղող միջգերատեսչական յանձնաժողովի նախագահ, Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի փոխքարտուղար Սամուէլ Շահրամանեան։
Նախագահ Յարութիւնեան շահագրգիռ մարմիններու պատասխանատուներուն յանձնարարեց յստակացնել կարգավիճակ տալու մօտեցումները եւ ընթացակարգը՝ բացառելով ոչ-արդար որոշումները։