ԵՐԵՒԱՆ.- Եւրոպայի գօտիին մէջ տեղի ունեցած 2022ի աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտախաղերու զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ, Չորեքշաբթի, 8 Սեպտեմբերին, Ժ. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ հիւրընկալեց Լիխթնշթայնը, արձանագրեց անբաւարար՝ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ կատարուած այս մրցումին, հայրենի կազմը մրցումը սկսաւ իր համակիրներուն հզօր աջակցութեամբ եւ անոր ազդանշանէն սկսեալ իր մրցակիցին վրայ ունեցաւ յստակ առաւելութիւն մը:
Ամբողջ մրցումին ընթացքին, սպանացի մարզիչ Խոաքին Քափարոսի գլխաւորած կազմը թէեւ ունեցաւ մեծ առաւելութիւն մը, սակայն մրցումին աւարտէն տասը վայրկեան առաջ իր բերդին մէջ կօլ մը ստանալով կորսնցուց երկու արժէքաւոր կէտեր:
Մինչ հայրենի ֆութպոլիստները կը կազմակերպէին վտանգաւոր յարձակումներ, անդին հիւր կազմին յարձակումները կ՛ըլլային քիչ մը «ամչկոտ»:
Ա. կիսախաղին կորսուած վայրկեաններուն Հենրիխ Մխիթարեան նշանակեց Հայաստանի եւ մրցումին առաջին կօլը:
Այսպիսով, Հայաստան ապահովեց մրցաշարքի իր 11րդ կէտը (3 յաղթանակ, 2 հաւասարութիւն եւ 1 պարտութիւն) եւ կը մնայ 2րդ դիրքին վրայ: