ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Անցեալ շաբաթ, «Ասպարէզ»ի խմբագիր Արա Խաչատրեանին հեռաձայնեց թերթին երկար տարիներու յօդուածագիր Թամար Գեւոնեան՝ տեղկութիւններ ստանալու թերթին եւ գաղութին իրավիճակին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին։
Ան նաեւ փոխանցեց, թէ ինք եւ իր հայրը՝ թերթին երկար տարիներու հովանաւոր Նազարէթ Գեւոնեան, որոշած են 10,000 տոլար նուիրել թերթին 113րդ տարեդարձին առիթով սկսած դրամահաւաքի ծիրին մէջ։
Աւելի ուշ, Նազարէթ Գեւոնեանի՝ խմբագիրին հետ զրոյցին ընթացքին, Գեւոնեան շնորհաւորեց թերթին տարեդարձը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց համայնքին եւ հայ մամուլին մատուցած անոր սպասարկութիւններուն համար։
Շեշտելով, որ «Ասպարէզ»ի բարգաւաճումը իրեն համար յոյժ կարեւոր է՝ ան ըսաւ. «Ես իմ բաժինը կը բերեմ, որպէսզի հայ մամուլը առողջ մնայ եւ ողջ մնայ ու տարածուի դպրոցներու եւ ընդհանրապէս գաղութին մէջ: Ես «Ասպարէզ»ը կը սիրեմ կարդալ, որովհետեւ մատչելի թերթ մըն է իր այլազան նիւթերով: Ինծի համար ամբողջ հայ մամուլը կարեւոր է»:
Նազարէթ Գեւոնեան «Երկիր եւ մշակոյթ» կազմակերպութեան հիմնադիր անդամներէն է եւ անոր ղեկավար կազմին մէջ իր աշխոյժ գործունէութեամբ՝ կարեւոր աշխատանք տարած է պատմական Հայաստանի յուշարձաններու պահպանման աշխատանքին մէջ:
Գեւոնեանները առատաձեռն նուիրատուութիւններ կատարած են նաեւ ազգային տարբեր կառոյցներու, միութիւններու եւ թերթերու:
Թամարը նաեւ տարիներով հրապարակագրական յօդուածներով աշխատակցած է «Ասպարէզ»ի անգլերէն բաժինին:
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Գեւոնեաններուն, որոնք կը շարունակոն նեցուկ կանգնիլ՝ նպաստելով համայնքին սպասարկելու մեր առաքելութեան։ Յուսաք, որ անոնք օրինակ կը հանդիսանան ուրիշներուն, որպէսզի քաջալերեն եւ աջակցին «Ասպարզ»ի բարգաւաճման։