ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Պատերազմ, ընտրութիւններ, համաճարակ, սահմանագծում, սահմանազատում, նոր սահմանադրութի՞ւն… Ի՞նչ կերպ ստացաւ Հայաստանը: Կերպարանափոխուեցաւ անոր դիմագիծը եւ ապրելակերպը (կարելի է ապրիլ Սփիւռքի մէջ ու դեռ նկատել այդ բոլորը…)։
Յարգելի ընթերցող «կերպ» բառի համառօտ ուսումնասիրութիւն մը պիտի բաւէ, որ մենք բոլորը ըմբռնենք: Ուստի, այսօր ձեզ կը հրաւիրեմ ականջ տալ «կերպ» բառի լաւ կազմակերպուած պատմութեան եւ հաղորդակից ըլլալ հայ ազգի ընդունած բազմաթիւ կերպարանքներուն՝ հին ու նոր: Ձեզ կը վստահեցնեմ՝ «կերպ»ը չէ՛ միապաղաղ, միօրինակ, կամ միակերպ: Այդ միավանկը ունի հարուստ անցեալ՝ անակնկալներով լի:
Պահլաւերէն ծագում ունի «կերպ» բառը: Բունը՝ kerp, որ կը նշանակէ «մարմին, ձեւ»: Ունի լատիներէն նոյնիմաստ զարմիկ՝ corpus: Մեր հիներուն համար անիկա նաեւ արտաքին տեսք էր, տարազ, որակ եւ որպիսութիւն, անձնաւորութիւն, դէմք եւ երես: Սուրբ Գիրքի թարգմանիչները, Ագաթանգեղոսը, Փարպեցին, Շիրակացին եւ այլ մատենագիրներ բառիս տուին այլեւայլ կերպեր, բոլորը խիստ պատկերալից եւ հայու երեւակայութեան փայլատակումներ, ինչպէս՝ լուսակերպ, իգակերպ, գիշերակերպ, կայսերակերպ, սքանչելակերպ, բիւրակերպ եւ ձիւնակերպիկ: Հայ պատմագիրներու երկերուն մէջ նկարագրուած են նաեւ մեր Լեռնաշխարհը ոտնակոխած «Մարդակերպ անասուններ» եւ «Անասնակերպ մարդիկ»:
Ոսկեդարուն, այս բառը ստացաւ դարձուածքի երեւոյթ, ինչպէս՝ «կերպս ի կերպս»-զանազան ձեւերով, «ի կերպս կերպս առնել»-նոր ձեւ ստանալ:
«Կերպ» բառով, հայը իր միտքը արտայայտեց լայնօրէն: Անոր հետ կազմուած բառերուն թիւը կը հասնի 250ի: Պատկառելի թիւ մը՝ պարզ միավանկի մը համար: Այդ բառերով, կասկած չկայ, որ կարելի է առձեռն բառարան մը պատրաստել: Սակայն, չեմ ուզեր ձեր ժամանակը շահագործել: Ուստի, յիշեմ այն բառերը, որոնք ուշագրաւ գրական գործածութիւններ ունեցան: Որպէսզի յօդուածս մնայ կազմակերպուած, նախ յիշեմ անասուններու անուններով կազմուած խումբը. աղաւնակերպ, թռչնակերպ, օձակերպ, աղուեսակերպ, արջակերպ, առիւծակերպ եւ արծուակերպ: Դուք չկարծէք, թէ սնամէջ են անոնք եւ անպարունակ: Աղաւնակերպը Սուրբ Հոգին է: Ներսէս Շնորհալին իր բանաստեղծութիւններուն մէջ յաճախ գործածեց զայն. «Հոգին աղաւնակերպ իջեալ», «Լուսափայլ Հոգին գայր աղաւնակերպ յերկնից»: Շնորհալիէն 500 տարի անց, տաղասաց Դաւիթ Սալաձորցին ալ յօրինեց նոյն պատկերը. «Հազար երնէկ Հայոց ազգին, / Իջաւ աղաւնակերպ Հոգին»: Երեւանեան ոսկերչատուն մը «թռչնակերպ» գիրերով շինուած մանեակներ կը վաճառէ. «օձակերպ» ածականը 10րդ դարէն ի վեր գործածելի է՝ «Գաւազանն Մովսէսի օձակերպ եղեւ» «Օձակերպ բերանովն համբուրեաց զնայ», Արտաշատի, Արմաւիրի եւ Եղէգնաձորի մէջ յայտնաբերուած են «արջակերպ» կաւէ ամաններ, Թոնտրակեան շարժումին հետեւողներու ուսերուն վրայ կը խարանէին «աղուեսակերպ» դրոշմ, Հայր Ղեւոնդ Ալիշանը «առիւծակերպ» կոչեց Արշակունի Տրդատ թագաւորը, ապա խօսեցաւ «գայլակերպ» ազգերու մասին: Ունեցանք նաեւ խիստ հազուագիւտ ածականներ ու կազմեցինք ընտիր գրական պատկերներ: Ահա քանի մը օրինակ. «Հուր խաւարակերպ»՝ Ներսէս Շնորհալի, «Հրակերպ հրեշտակ»՝ Ներսէս Շնորհալի, «Սպառնական նամակներ արիւնակերպ կարմիր կնիքով զարդարուած»՝ Մաղաքիա Օրմանեան, «Սուսերիս կայծակնակերպ հասակը»՝ Սիամանթօ, «Մարդակերպ կապիկ»՝ Պարոյր Սեւակ: Կը տեսնէ՞ք, թէ «կերպ» բառը ճկուն է, յանկարծ կրնայ դառնալ բանաստեղծական, զաւեշտական, կամ՝ կրօնական. վերջինս տեսանելի է «քառակերպ» ածականի մէջ: Անիկա մարդու, առիւծի, ցուլի եւ արծիւի կերպարներով շինուած արարած է, ըստ Յովհաննէս Աւետարանիչին՝ Արարչի Գահի չորս անկիւններու եւ դրախտի չորս սահմաններու պահապանները:
Յարգելի ընթերցող, քիչ մը երեւակայութիւն գործածելով դուք եւս կրնաք հնացած բառի մը նոր կեանք տալ: Հաճեցէք ձեր ապագայ զրոյցներուն մէջ յիշել «աստղակերպ, արեգակնակերպ, շքեղակերպ, չքնաղակերպ եւ բարեկերպ» բառերը:
«Կերպ» բառը իր ամենապայծառ ձեւերը ընդունեց 10րդ դարուն, երբ Գրիգոր Նարեկացին «Մատեան Ողբերգութեան» աշխատասիրութեան մէջ նկարագրեց մարդու բազմաթիւ – երբեմն՝ ամօթալի – կերպերը, ինչպէս՝ «Կերպ անպատկառ», «Հողանիւթ կերպ», «Կերպարան միշտ սխալական», «Սուտ կերպարանք կեղծաւորին», «Պոռնկակերտ կերպարան»:
«Կերպ» բառը պերճութիւն տուաւ նաեւ հայկական տպագիր գիրքերու աշխարհին: Այդ բառով լոյս տեսած առաջին գիրքն էր Յովակիմ Օղուլլուխեանի 1806ին Վենետիկ տպուած մէկ աշխատասիրութիւնը. «Նիւթ բժշկական… թէ՛ իբրեւ կերակուր, թէ՛ իբրեւ դեղ, եւ նոցա գործածելուն կերպը…»: Այնուհետեւ, լոյս տեսան հետաքրքրական այլ գիրքեր. «Օրը աստուածապաշտութեամբ անցընելու կերպը», «Հիւանդութեանց առջեւը առնելու կերպ», «Խավեար խանի պօրսային վիճակը եւ հոն շատ ստակ շահելու դիւրին կերպը», «Կեանքի կերպարանափոխութիւնները», «Ցուցակ Հայաստանի կերպարուեստագէտների ընկերութեան չորրորդ պատկերահանդէսի»:
Իսկ այժմ, եթէ դուք կը քալէք Երեւանի փողոցներէն, կամ կը կարդաք հայրենի մամուլը, ապա կը զգաք, թէ կեանքը հայրենիքի մէջ ինչպէ՛ս կերպարանափոխուած է մէկ տարուան ընթացքին: Կարդանք քանի մը խորագիրներ. «Կեանքին սկսել եմ այլ կերպ նայել. Ոտքը կորցրած Հրաչեան», «Մերոնք ադրբեջանցի զինուորականների ձեռքից մի կերպ կարողացել են փրկել հովիւ պապիկին», «Ամէն կերպ կ՛աջակցենք գերիների փոխանակման գործընթացի շուտափոյթ աւարտին. Լաւրով», «Պիտի պարտքս տայի, այլ կերպ չէի կարող. ՌԴում ծառայած Լեւոնը հիմա էլ Արցախում է ծառայում»:
Ճկուն է «կերպ» բառը: Ամէն նեղ վիճակի մէջ իսկ ան կը մնայ «ազնուակերպ», կը պահէ իր քնարական բնոյթը: Ամէնէն ցայտուն օրինա՞կը անոր: Վարդան Յակոբեանի «Իմ Երազները» քերթուածը: Ահա պատառիկներ այդ նուրբ գործէն. «Իմ երազները ինձ պէս կաւից են, / Քիչ ծառակերպ են, / Քիչ քարակերպ են, / Քիչ սարակերպ են, / Քիչ դարաբեկ են, / Քիչ էլ… / Իմ երազները ինձ պէս կաւից են, / Քիչ սիրակերպ են, /Քիչ տխրաբեկ են, / Քիչ ջրակերպ են, / Մի քիչ անկերպ են, / Քիչ էլ…»: Իսկ դուք, վերջապէս, յոգնած կը նստիք մայրաքաղաքի բացօթեայ սրճարանի մը մէջ ու կը լսէք Լիլիթ Յովհաննիսեանի «Իմ սրտին ասա» երգը: Վստահ եղէք, թէ այդ հիասթափուած սրտին խօսքերը կը նկարագրեն, թէ ինչպէ՛ս կ՛ապրինք բոլորս. «Ես ուժ եմ հաւաքում ու շնչում եմ / Սիրտս չի ուզում՚ մի կերպ ապրում եմ / Արցունքիս ծովում ես դեռ լողում եմ»: Մնացէք խաղաղ մինչեւ նոր յայտնութիւններ: