ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ
Հոգ չէ` Լիբանանէն ես կամ Սուրիայէն, տարիքով մեծ ես կամ պզտիկ, ուսեալ ես կամ անուս, կարեւորը կեանքէդ բաժին մը (քանի մը տարի) անցուցած ըլլաս աս երկուքէն մէկուն հողին վրայ, որ կարենաս մաս կազմել մեր խաղին:
Օրէնքները պարզ են, ու թերեւս գիտես, թերեւս խաղին մէջն ես ու լուր չունիս, որ կը խաղաս, թերեւս կը խաղաս, բայց լուր չունիս, որ կամքէդ անկախ է: Կը խաղա՞ս, թէ՞ կը խաղցուիս…
Խաղը կը սկսի, դուն արդէն արթուն ես: Հակառակ անոր, որ խաղին տակաւին սկիզբն է, բայց ամբողջ ուժովդ չես: Օր մը առաջ եղածներէն տակաւին ամբողջովին չես ապաքինած:
Տակաւին անկողինին մէջն ես, եւ սլաք մը կու գայ միտքդ: Ժամացոյցի՞ սլաքն է, որ կ՛ընթանայ, մինչ դուն կը մնաս նոյն տեղը: Կողմնացոյցի՞նը, որ քեզի նոր երկրի մը ուղղութիւնը ցոյց կու տայ, սակայն դուն «կառչած» կը մնաս հողին:
Ո՛չ մէկը, ո՛չ միւսը:
Ինքնաշարժիդ վառելանիւթի սլաքն է, որուն վրայ եւս ուժ չմնալով` պառկեր է:
Պէտք է լեցնել զայն: Նոյն ժամուն է, որ կը պատկերացնես տեղէդ ելլելը, երկար-բարակ կարգի մը պոչը առնելը` հասնելով մինչեւ անոր գլխուն եւ այդ ընթացքին տեղի ունեցած կռիւներն ու մարդոց «ճարպիկութիւնները»: Այս բոլորը, դեռ անկողինին մէջ գտնուելով հանդերձ, կը հիւծեն քեզ:
Բայց այս խաղէն դուրս եւ այս սլաքներէն անդին` կ՛անգիտանաս, որ կայ առձեռն (manual) սլաք մը, որ դրուած է խաւաքարտի մը վրայ, որուն վրայ գրուած են ազգութիւններու անուններ:
Այդ սլաքը իւրաքանչիւր դարձնելուդ` բազմաթիւ շրջաններ ընելէ ետք միշտ եւ միշտ կը կենայ «հայ» ազգութեան վրայ:
Այդ սլաքը ճակատագիրի սլաքն է, եւ կեցած տեղը «տառապանքն» է, որ ցոյց կու տայ:
Ջուր մը կը զարնես երեսիդ, եթէ տակաւին կը հոսի ծորակէդ, ու դուրս կու գաս տունէն` սկիզբ տալով վազվզուքին:
Կը հասնիս լցակայան եւ քիչ մը բախտով կամ քիչ մը ճարպիկութեամբ, քիչ մը համբերութեամբ կամ քիչ մը միջնորդութեամբ, սակայն միշտ եւ միշտ` ՔԻՉ ՄԸ ԱՒԵԼԻ ԴՐԱՄՈՎ, այս կամ այն ձեւով կը յաջողիս լեցնել ինքնաշարժիդ վառելանիւթի թիթեղը բերնէ բերան կամ քանի մը օրուան համար:
Դուրս կու գաս լցակայանէն` ետիդ ձգելով օձախաղ մը:
Ո՜հ, փառահեղ յաղթանակ է. եւ այս ախոյեանութեանդ որպէս վարձատրութիւն` կանգ կ՛առնես գաւաթ մը խմելու, կամ բան մը ուտելու նոյն այն տեղը, ուր հանդիպած էիր օր մը առաջ խմելու համար նո՛յն այն գաւաթը կամ ուտելու համար նո՛յն այն բանը, զոր առած էիր օր մը առաջ, բայց` ՔԻՉ ՄԸ ԱՒԵԼԻ ԴՐԱՄՈՎ:
Ազգականներ-բարեկամներ շրջանակիդ գիտակից` ողողած են «Ուացափ»դ դեղերու անուններով, զորս պիտի հարցնես ամէն քայլափոխի հանդիպած դեղարանի, ուր ներսը, սեղանին ետին կեցած պիտի ըլլայ երիտասարդ մը կամ տարեց մը, որ կարծես ունի հոգեբանութիւնը այն մանուկի, որ տակաւին նոր սորված է բառ մը եւ զայն կը կրկնէ` ինչ ալ հարցնես` «Չկայ»…
Ու եթէ բախտաւոր գտնուեցար ու այդ երկար ցանկէն մէկ դեղը գտար, պիտի հեռաձայնես ու Արքիմետէսի նման նոր բանի մը հասած ըլլալով` ըսես` ԵՒՐԵՔԱ…
Գրպանդ քիչ մը դրամ կայ տակաւին, կը յիշես տան սառնարանդ եւ անոր լուսաւորուած դատարկ դարանները:
Կը մտածես լեցնել զանոնք ու կ՛ուղղուիս այս կամ այն շուակն, որուն դարաններուն վրայ գիներու պատռուած պիտակները աւելի են փակած պիտակներէն: Պատռուածները ելլելով հոնկէ` ձգած են հետքեր, որոնք յիշել կու տան «փառքի օրերը», որոնք թերեւս տակաւին երէկ էին…
Մարդիկ ապրանք կ՛առնեն իրենց ձեռքը, մէյ մը ապրանքին կը նային, մէյ մը գինին, կը ստուգեն անոր ժամկէտը, կշիռքը, որքանո՞վ պիտի բաւէ, արժէ՞ դնել այսքան գումար: Այս բոլորը հաշուի առած` կա՛մ կը գնեն, կա՛մ չեն գներ. ընդհանրապէս չեն գներ…
Կը յիշես` հիւրութեան ես գիշերը. կ՛երթաս ու կը կենաս գունագեղ կարկանդակներով սառնարանի մը դիմաց, կը նայիս գիներուն: Աչք կը լեցնէ՞ այս կաղապարը, պզտիկ չէ՞ այդ կաղապարը: Հոգ չէ, բան մը պիտի առնուի… կ՛առնես, կը քալես:
Աջէն ձախէն, մանր-մունր բաներով կը լեցնես սայլակդ եւ կ՛ուղղուիս վճարումի սեղանին մօտ, որ մէկ-մէկ զատածներդ լէյզըրին զարնելով` կ՛աւելցնէ հաշիւդ, որուն դրամապանակիդ մէջի գումարը հազիւ կը բաւէ:
Դուրս կ՛ելլես, թաքսի մը կ՛առնես: Վարորդը ամբողջ ճամբան կը պատմէ այս կամ այն լցակայանէն պենզին լեցնելու իր յոգնութեան մասին. հոգեպէս քեզ կը պատրաստէ ընդունելու, թէ ինչո՛ւ այդքան է այս ուղեւորութեան աւարտին տալիք գումարդ:
Կու տաս:
Կը կենայ, երեսիդ կը նայի…
ՔԻՉ ՄԸ ԱՒԵԼԻ…
Կու տաս ՔԻՉ ՄԸ ԱՒԵԼԻն, ու պահ մը կը մտածես` ո՞վ քեզի պիտի տայ ՔԻՉ ՄԸ ԱՒԵԼԻՆ…
Տուն կու գաս, ապրանքները կը դնես, պատշգամը նստած ազգական-բարեկամ-դրացիներ կան: Պատշգամ, որովհետեւ հոսանքն անջատուած է, դուրսը աւելի զով է: Ոմանք իրենց ձեռքը հովահար բռնած` կը հովուին ու կը պատմեն երէկուան իրենց փորձառութիւնը: Հոսանքը քանիէ՞ն քանի եկաւ, ե՞րբ եկաւ, ի՞նչ եղաւ իրենց առաջին ընելիքը, ի՞նչ ճարպիկութիւններ ըրին, երէկ քանիէ՞ն առին այսինչ սննդեղէնը եւ այլն, եւ այլն, եւ այլն…
Քանի մը գին ալ դուն կ՛ըսես, քանի մը դէպք ալ դուն մը կը պատմես ու կը ձգես ու բաղնիք կ՛երթաս` լոգանք մը առնելու:
Ցնցուղին տակ կը կենաս ու կը փորձես ամէն բան այդ հոսած ջուրին հետ տանիլ: Կը յաջողիս մասամբ մը, թեթեւութիւն կը զգաս եւ դուրս կու գաս հոնկէ:
Կը հագուիս լայնկեկ տնային զգեստդ ու կ՛երկննաս` շունչ մը քաշելու, կը յիշես, որ առտուընէ հեռաձայնդ չես առած: Մէկ, երկու, երեք տեղ` էջեր նոյն բաները կը գրեն, մարդիկ նոյն բաները կը խօսին:
Կը մտածես` ա՞ս է կեանքը, այսպէ՞ս պիտի անցնի, կենսական-տարրական բաներու մասին մտածելով եւ զանոնք խնայելո՞վ:
Ճամբորդե՞ս, ձգես-ելլե՞ս:
Ելլողը ճիշդ ըրաւ:
Մնացողը ճիշդ ըրա՞ւ:
Մնացողը ճի՞շդ ըրաւ:
Մնացո՞ղը ճիշդ ըրաւ:
Ո՞վ ըրաւ, ո՞վ չըրաւ:
Ուտողն է, որ կերաւ…
Փակ ճամբայով հարցումներ կը հարցնես դուն քեզի, փակ` նոյնիսկ թէ պատրանքով: Եւ ուժդ կը նուազի: Կը նուազի` ֆիզիքականօրէն աշխատելով կամ մտածումով մը, կամայ-ակամայ, գիտութեամբ կամ անգիտութեամբ…
Քանի մը կատակ կ՛ընես տան մէջ կամ հեռաձայնիդ միջոցով` բարեկամի մը հետ ու կը պատրաստուիս քնանալու:
Սակայն խաղը տակաւին աւարտին չհասաւ:
Խաղը դեռ պիտի շարունակուի:
Կա՛մ պիտի վերջանաս, կա՛մ պիտի վերջացնես:
Վերջանալու ձեւերը եթէ կը տարբերին, արդիւնքը մէկ է սակայն:
Վերջացնելու ձեւերը բայց տարբեր են, անոնցմէ դուրս եկող արդիւնքներն ալ` տարբեր:
Մտածէ՛ անոնց մասին եւ ընտրէ քուկդ, քանի ուշ չէ…
«Ազդակ»