
(Ծնեալ՝ 11 Ապրիլ 1929ին, Պարսկաստան)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ կնոջ, մօր, մեծ մօր, մեծ մեծ մօր, քրոջ եւ հարազատին՝ Սավի Թիւֆէնքեանի մահը, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, 25 Օգոստոս 2021ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Հինգշաբթի, 9 Սեպտեմբեր 2021ին, կէսօրէն ետք ժամը 1։30ին, United Armenian Congregational Church-ին մէջ (UACC), 3480 Cahuenga Blvd. W, Los Angeles, CA 90068, ապա թաղումը (կ.ե. ժամը 3ին)՝ Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան Old North Church մատրան մէջ
Սգակիրներ՝
Ամուսինը՝ Ռալֆ Թիւֆէնքեան
Զաւակը՝ Գրեգ եւ Քարօլին Թիւֆէնքեան
Դուստրը՝ Սանդրա եւ Փօլ Քալեմքիարեան
Թոռները՝ Սառա, Լիզա եւ Լենա եւ իրենց ընտանիքները
Սամ, Մայքըլ եւ Մաքս Թիւֆէնքեաններ
Ծոռները՝ Մայքա, Անի եւ Ամպրոզ
Եղբայրը՝ Քոսթի եւ Մարիան Շիրվանեան եւ զաւակները
Եւ համայն հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան Ազգային մանկամսուրին (https://tufenkian2025.com/) կամ Adventist Health Breast Center-ին։
ՍԱՎԻ ԹԻՒՖԷՆՔԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, Հայ Դատի Արեւմտեան Ամերիկայի յանձնախումբի վարչութիւնը, պաշտօնէութիւնը եւ կրթական յանձնախումբը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն Թիւֆէնքեան եւ Շիրվանեան ընտանիքներուն, ի մասնաւորի հանգուցեալի եղբօր դստեր՝ կրթական յանձնախումբի ատենապետւհի Ալիս Պետրոսեանին, ամուսնոյն, զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ՍԱՎԻ ԹԻՒՖԷՆՔԵԱՆ՝ Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան Ազգային Մանկամսուրի բարերարուհիին մահուան տխուր առիթով, Թիւֆէնքեան Ազգային մանկամսուրի տնօրէնութիւնը, ուսւուցչական կազմը, պաշտօնէութիւնը, հոգաբարձութիւնն ու յարակից մարմինները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի ամուսնոյն՝ Ռալֆ Թիւֆէնքեանին, զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն:
ՍԱՎԻ ԹԻՒՖԷՆՔԵԱՆ՝ Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան Ազգային մանկամսուրի երկարամեայ բարերարուհիին մահուան տխուր առիթով, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները, երեսփոխանական կազմը, հոգաբարձութիւնը, Տիկնանց միութիւնն ու յարակից բոլոր մարմինները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի ամուսնոյն՝ Ռալֆ Թիւֆէնքեանին, զաւակներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն:
Թող Բարձրեալն Աստուած երկնային արքայութեան արժանացնէ հանգուցեալի հոգին եւ ընտանեկան պարագաներուն պարգեւէ Ս. Հոգւոյ անսպառ մխիթարութիւն:
ՍԱՎԻ ԹԻՒՖԷՆՔԵԱՆի մահուան տխուր առթիւ, Շամլեան Ազգային վարժարանի տնօրէնութիւնը, պաշտօնէութիւն, ուսումնական խորհուրդն ու յարակից մարմինները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի ամուսնոյն՝ Ռալֆ Թիւֆէնքեանին, զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն:
ՍԱՎԻ ԹԻՒՖԷՆՔԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, Armenian Bone Marrow Donor Registry-ի տնօրէնութիւնը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի ամուսնոյն, զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ՍԱՎԻ ԹԻՒՖԷՆՔԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայնտէ հանգուցեալի ամուսնոյն՝ Ռալֆ Թիւֆէնքեանին, զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ՍԱՎԻ ԹԻՒՖԷՆՔԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, «Մենք Ենք Կիւմրին» յանձնախումբը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Թիւֆէնքեան, Շիրվանեան եւ Պետրոսեան ընտանիքներուն եւ համայն հարազատներուն։
ՍԱՎԻ ԹԻՒՖԷՆՔԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը, Ընկերային ծառայութիւններու եւ Հոգեբանական կեդրոնի գրասենեակներու տնօրէնութիւններն ու պաշտօնէութիւնները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն Թիւֆէնքեան, Շրիվանեան, Պետրոսեան, Յակոբեան ընտանիքներուն եւ համայն հարազատներուն։