Զ. Գ. Ղ.
Մուսա լեռ-Այնճարի մէջ «Մեծարենցեան երեկոներ»ու այս տարուան երկրորդ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 8 Օգոստոս 2021ին. անիկա նուիրուած էր գրական աշխարհին մէջ ամերիկահայ հանրածանօթ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանին, անգլերէնով բազմաթիւ գրական հատորներու հեղինակին, որ ունի պատմուածքներ, վէպեր եւ թատրերգութիւններ:
Ուիլիըմ Սարոյեանի կենսագրութիւնը հետաքրքրական է այն իմաստով, որ ինք միշտ ներկայ է իր գրութիւններուն մէջ: Ուրիշ կարեւոր երեւոյթ մըն է այն, որ անոր գրութիւնները` գաղթականներու մասին, այժմէական են, որովհետեւ այսօր գաղթականները նոյն պատկերը կը ներկայացնեն աշխարհի չորս ծագերուն:
Օրուան հանդիսավարն էր Զաւէն Ղարիպեան, իսկ Ուիլիըմ Սարոյեանի կեանքն ու գործը ներկայացուց Նայիրի Աբոյեան-Պուչագճեան` Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի անգլերէնի եւ գրականութեան ճիւղի մագիստրոս վկայականը ստացած (2003ին): Ան Պալամանտ համալսարանին մէջ 17 տարիներէ ի վեր դասախօս է անգլերէնի եւ գրականութեան:
Հանդիսավարը, նախքան խօսքը օրուան բանախօսին փոխանցելը, նշումեր ըրաւ Ուիլիըմ Սարոյեանի կեանքին մասին: Ան ըսաւ, որ Սարոյեան զաւակն է պիթլիսցի Արմենակ Սարոյեանի եւ Թագուհի Քարաօղլանեանի: Անոնք 1900ական թուականներու սկիզբը Պիթլիսէն գաղթած են Ամերիկա, Ֆրեզնօ, երեք զաւակներով: Անոնց չորրորդ զաւակը` Ուիլիըմ, կը ծնի Ֆրեզնոյի մէջ, 1908ին: Ուիլիըմ երեք տարեկան էր, երբ հայրը կը մահանայ կոյր աղիքի պայթումին պատճառով: Ընտանիքին մայրը` Թագուհին, չորս զաւակները Օքլահոմայի մէջ որբանոց կը դնէ, ու ինք ընտանիքի մը մէջ ծառայութեան կը մտնէ` զաւակներուն ծախսերը հոգալու համար: Ուիլիըմ Սարոյեան այս որբանոցին մէջ կ՛անցընէ իր մանկութեան ամէնէն դառն տարիները:
1915ին, Ուիլիըմի քեռիին` Արամին, կանչին հետեւելով՝ Թագուհին իր չորս զաւակները կ՛առնէ եւ կը վերադառնայ Ֆրեզնօ:
Սարոյեան հետագային կը պատմէ հետեւեալը. «Եօթը տարեկան էի, Ֆրեզնոյի մէջ մայրս զիս հայկական դպրոց տարաւ, լաւ էր, շատ լաւ էր, մեզի կ՛ուսուցանէր հայ քահանայ տէր Գասպարը: Այո՛, շատ լաւ էր, բայց միայն մէկ շաբաթ տեւեց: Մայրս մէկ շաբաթ ետք հարցուց. «Է՜ տղաս, ի՞նչ սորվեցար, պատմէ նայինք»: Ըսի. «Մայրի՛կ, սորվեցայ – ահա կատուն բռնեց զմուկ»: Մայրս ըսաւ. «Այդ մենք վաղուց գիտենք, գնա՛ լրագիր ծախէ»:
Սարոյեան պատանեկութեան զանազան գործերով կը զբաղի` թերթ ծախել, հեռագրատան հեռագիրները տէրերուն հասցնել: Զինք կը տեսնենք Ֆրեզնոյի այգիներու եւ պարտէզներու մէջ, բայց երբ կը դառնայ երիտասարդ, իր եկամուտը կը գոյանայ իր գրած գիրքերէն: 1934ին, երբ կը հրապարակուի իր հատորը «The Young Man and Flying Trapper» ան ճանչցուած գրող մըն էր արդէն:
Հանդիսավարը խօսքը աւարտելով` հրաւիրեց օրուան բանախօսը, որ ներկայացնէ Ուիլիըմ Սարոյեան գրողը:
Նայիրի Աբոյեան-Պուչագճեան սկսաւ իր խօսքը՝ ըսելով, որ Ուիլիըմ Սարոյեան ամերիկացի գրող մըն է, որ հեղինակած է շուրջ 45 թատրերգութիւններ, 22 հատոր պատմուածքներ, 11 վէպեր ինչպէս նաեւ` 6 յուշագրութիւններու հատորներ: 1939ին, երբ լոյս կը տեսնէ անոր «The Time of Your Life» հատորը, Սարոյեան կ՛արժանանայ «Փուլիցըր» մրցանակի: Սարոյեան կը վերադարձնէ 1000 ամ. տոլարի պարգեւը` ըսելով, որ գրողը պէտք է ազատ ըլլայ եւ դրամը անոր պէտք չէ իշխէ:
Ուիլիըմ Սարոյեան 1943ին կ՛ամուսնանայ Քարոլ Մարքոսի հետ. անոնք կ՛ունենան երկու զաւակներ` Արամ եւ Լիւսի: Տէր եւ տիկին Սարոյեանները վեց տարի ետք կ՛ամուսնալուծուին, հետագային դարձեալ միանալու համար:
Սարոյեան 1935-1952 թուականներուն կը շրջի զանազան քաղաքներ` Լոս Անճելըս, Սան Ֆրանսիսքօ, Լոնտոն, Փարիզ, սկանտինաւեան երկիրներ, Մոսկուա եւ Երեւան:
1939ին, Սարոյեանի «Իմ Սիրտը Լեռներումն Է» հատորը կը վերածուի թատրերգութեան, եւ մեծ յաջողութեամբ կը ներկայացուի Նիւ Եորքի բեմերուն վրայ:
Սարոյեանի կարգ մը հատորներու մէջ կը հանդիպինք Ֆրեզնոյի գաղթականներու կեանքին մասին մանրամասնութիւններու, անոնց բարի նկարագիրին, խեղճութեան, յոյսի եւ կեանքի պայքարին:
«Ես Հայաստանը կը սիրեմ, ինչպէս նաեւ Ամերիկան. երկուքին կը պատկանիմ, բայց բնակիչն եմ երկրագունդի», կ՛ըսէ Սարոյեան:
Սարոյեան հետագային դարձեալ կը ճամբորդէ Հայաստան` 1976ին եւ 1978ին, իսկ Լիբանան` 1973ին:
Ան կը մահանայ 31 Օգոստոս 1981ին եւ կը թաղուի Ֆրեզնոյի մէջ: Իր աճիւններէն մաս մը կ՛ամփոփուի Երեւանի Կոմիտասի պանթէոնին մէջ:
Օրուան բանախօսը շեշտը դրաւ Սարոյեանի երկու հատորներուն վրայ. առաջինը` «The Daring Young Man on the Flying Trapeze», որ պատմութիւնն է 22 տարեկան երիտասարդ գրողի մը: Ան կ՛ապրի Սան Ֆրանսիսքօ. անոր մէջ շեշտը կը դրուի գրողի պայքարին վրայ, երբ կը տեսնէ, թէ պէտք եղած ձեւով չի գնահատուիր իր գրածը:
Երկրորդը՝ «My Heart is in The Highland» գիրքը, որ պատմութիւնն է մարդու մը, որ փող կը նուագէ, ու կը հաւատայ, թէ իր սիրտը Սկովտիոյ լեռներուն վրայ է, ան կը շրջի տեղէ տեղ` նուագելով եւ ուտելիք խնդրելով:
Նայիրի Աբոյեան-Պուչագճեանի խօսքէն ետք Արփա Սնապեան-Անտոնեան կարդաց Սարոյեանի «Human Comedy» գիրքէն «Ճառ Մը Մարդկային Քիթին Վրայ» պատմուածքը: