ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաաստանի կառավարութեան որոշումով, Արցախի Հանրապետութեան պիտի տրամադրուի 13.4 միլիառ դրամ: Այս մասին յայտնեցին ելեւմուտքի նախարարութենէն։
Նախարար Տիգրան Խաչատրեան նշեց, որ այդ գումարէն 1.2 միլիառը պիտի տրամադրուի բնակիչներու կենցաղային ծախսերու փոխհատուցման ծրագիրին, իսկ 12.2 միլիառ դրամը պիտի յատկացուի իբրեւ միջպետական վարկ:
«Չնայած այն հանգամանքին, որ Արցախում տնտեսական կեանքն աստիճանաբար վերականգնւում է, եւ աւելանում են նաեւ Արցախի պետական բիւջէի հարկային եկամուտները, դրանք դեռեւս բաւարար չեն կենսական նշանակութեան ընկերային եւ տնտեսական նշանակութեան ծրագրերի ամբողջական ֆինանսաւորումն իրականացնելու համար», կառավարութեան նիստին նախագիծը ներկայացնելու ատեն յայտնեց նախարար Տիգրան Խաչատրեան` յիշեցնելով, որ այս բնոյթի արդէն երրորդ որոշումն է ասիկա:
44օրեայ պատերազմին իբրեւ արդիւնք՝ Արցախէն Հայաստան եկած քաղաքացիներուն Ստեփանակերտ վերադարձը կազմակերպելու համար, 28 Մայիս 2021էն 5 Օգոստոս 2021, մարդոց փոխադրութեան ծառայութիւններ տրամադրած կազմակերպութիւներուն կամ անհատներուն փոխհատուցելու նպատակով 2021ի պետական պիւտճէով նախատեսուած է տրամադրել 40.3 միլիոն դրամ: