Մանուկներու եւ պատանիներու կրօնադաստիարակչական եւ հայեցի կրթութեան նուիրուած կիրակնօրեայ դպրոցները կը վայելեն անվերապահ հովանաւորութիւնը Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, որուն օրհնութեամբ Շաբաթ, 21 Օգոստոսին, Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցչական կազմերու միօրեայ հաւաք-մրցոյթը, կազմակերպութեամբ Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ մարմինին:
Հաւաքը սկսաւ եկեղեցական արարողութեամբ մը, որուն աւարտին հնչեց կիրակնօրեայ դպրոցներու «Մաղթերգ»ը:
Բարի գալուստի խօսք արտասանեց Րաֆֆի Թորոսեան, իսկ կիրակնօրեայ վարժարաններու վերամուտին մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց Յակոբ Ջաղացպանեան, որմէ ետք Սօսի Կիւրեղեան հակիրճ կերպով ներկայացուց օրուան բանախօսը՝ հոգեբան-հոգեբոյժ Նորա Շիթիլեանը, որ հանգամանօրէն եւ անմիջական օրինակներով խօսեցաւ, թէ ինչպէ՛ս եւ ի՛նչ միջոցներով աշակերտները պիտի կարենան վերադառնալ բնականոն կեանքի, պսակաձեւ համաճարակի ժահրին պատճառած բազմաթիւ ամիսներու կաշկանդումներէն եւ արգելքներէն ետք: Մասնագէտը նաեւ յուսադրեց եւ քաջալերեց ներկաները՝ յաղթահարելու դժուարութիւնները եւ անձկագին վիճակները:
Դասախօսութեան աւարտին, ներկաները առիթ ունեցան ուղղելու հարցումներ եւ ստացան սպառիչ պատասխաններ:
Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, յանուն առաջնորդ սրբազանին՝ գնահատեց եւ շնորհաւորեց դասախօսուհին, ապա յիշատակի նուէր մը յանձնեց անոր։
Հաւաքական ճաշէն եւ դադարէն ետք տեղի ունեցաւ մրցոյթ մը. ուսուցիչներ չորս խումբերու բաժնուեցան եւ վեց բաժիններով հարցումներու պատասխանեցին: Մրցակից խումբերը կը կրէին չորս աւետարանիչներուն անունները (Մատթէոս, Մարկոս, Ղուկաս եւ Յովհաննէս):
Կիրակնօրեայ դպրոցներու մէջ աւանդուող սուրբ գրային նիւթերու առաւել քան հարիւր հարցումներու, աղօթքներու, ոսկեղէն համարներու, շարականներու եւ տօներու մասին մրցոյթին յաղթող խումբը, ինչպէս նաեւ բոլոր մասնակցողներն ու ուսուցիչները ստացան յատուկ նուէրներ:
Առաջնորդ սրբազան հօր անունով հայր Միւռոնը շնորհաւորելէ ետք յաղթական խումբը, բարձր գնահատեց բոլոր մասնակցողները եւ անոնց ամբարած գիտելիքները:
Մրցոյթ-հաւաքը վերջ գտաւ ժամը 3:30ին, արդիւնաւէտ եւ յիշատակելի օր մը պարգեւելով բոլոր մասնակիցներուն: