ԿԼԵՆՏԷՅԼ․- Կիրակի, 15 Օգոստոսին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Ս. Մարիամ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը: Թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան նախագահեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Ս. պատարագին, մինչ Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատոյց Եփրեմ արք. Թապագեան:
Առաջնորդը յաւուր պատշաճի իր քարոզը սկսաւ՝ ըսելով. «Երկնքի թագուհիին՝ Ս. Մարիամ Աստուածամօր երկինք Վերափոխման տօնն է այսօր եւ բոլորս հաւատարիմ՝ Աստուածամօր ունեցած օրհնեալ ներկայութեան մեր կեանքէն ներս, եկած ենք Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցի, որպէսզի մեր յարգանքը ցոյց տանք այն կնոջ, որ իր մաքուր ու անբիծ նկարագրին, մտքին, հոգիին ու մարմինին համար՝ որպէս մաքուր անօթ, ընտրուեցաւ Երկնաւոր Արքայէն՝ Յիսուս Քրիստոսի Հօր կողմէ, եւ Աստուած իր Միածին Որդին՝ Քրիստոսը, աշխարհ ղրկեց Ս. Մարիամին ճամբով: Այսօր, մենք բոլորս փրկութիւնը ճաշակած ենք Յիսուս Քրիստոսի թափած արեան շնորհիւ: Մենք բոլորս կը քալենք փրկութեան ճանապարհէն անխտիր, բայց մեզմէ ոմանք իրենց քալուածքին եւ ընթացքին մէջ երբեմն կը տկարանան, կը թուլնան եւ մեղք կը գործեն»:
Առաջնորդը խուռներամ բազմութեան հարցուց հետեւեալը. «Ըսէք ինծի, սիրելի ժողովուրդ, որ ո՞վ է այն մարդը, ամէնէն քրիստոնեա՛յ, ամէնէն հաւատացեալ մարդը, որ փրկութիւնը ճաշակած ըլլալով հանդերձ, մեղքի ճանապարհէն չէ քալած իր կեանքի ընթացքին»: Ապա ան պատասխանեց՝ ըսելով. «Մենք՝ որպէս քրիստոնեաներ, Մարիամին նկատմամբ ունինք յատուկ յարգանք, որովհետեւ Մարիամը կը տեսնենք որպէս խիղճը մեր եկեղեցւոյ ու մեր քրիստոնէական հաւատքին»։
Առաջնորդը իր խորհրդածութիւններուն ընդմէջէն վեր առաւ Սուրբ Մարիամի դերը Աստուծոյ պատրաստած փրկագործական ծրագիրին մէջ՝ հաստատելով, որ ամէն մարդ այսօր աւելի՛ քան երբեք պէտք ունի անոր մայրական գուրգուրանքին, որպէսզի բոլորին մեղքերուն թողութեան համար ան իր զաւակին մօտ անհրաժեշտ բարեխօսութիւնը կատարէ:
Անդրադառնալով խաղողօրհնէքի արարողութեան կարեւորութեան՝ առաջնորդը դիտել տուաւ, որ այսօր ոչ թէ սովորական խաղող, այլ՝ օրհնուա՛ծ խաղող տուն տանելու օր է եւ յիշելէ ետք այս մասին աղօթասացի խօսքերը, թէ՝ ան որ ճաշակէ այս խաղողներէն, թող այդ մարդը առողջութիւն գտնէ, ներքին խաղաղութիւն ունենայ եւ զԱստուած տեսնէ իր հոգիին, միտքին ու կեանքին մէջ:
«Աստուածամայրը մեզի գուրգուրանք կը սորվեցնէ, զիրար սիրել եւ իրարու ներել կը սորվեցնէ ու մանաւանդ իրարու համար աղօթել կը սորվեցնէ, եւ այսօր մենք բոլորս ալ աղօթքի կարիք ունինք եւ պիտի աղօթենք իրարու համար. այսօր, մէկս միւսին կեանքին մէջ թերութիւններ ու տկարութիւններ տեսնելէ առաջ, Աստուածամօր խորհուրդին ընդմէջէն կը հրաւիրուինք միմեանց կեանքին մէջ օրհնութիւն մը, լոյս մը տեսնելու», ըսաւ սրբազանը եւ յորդորեց բարեպաշտ հաւատացեալները, որ իրենց կողակիցներուն, ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ շրջապատի մարդոց կեանքին մէջ ոչ թէ խոցելին, սիրտին մէջ եղած ցաւն ու տառապանքը նկատեն, այլ զօրութիւն մը, յաջողութիւն մը, յոյսի նշոյլ կամ լոյսի շող մը տեսնելով՝ մխիթարութիւն պարգեւեն մարդոց, յատկապէս այս ծանր օրերուն:
Շարունակելով իր պատգամը, սրբազանը նաեւ խրախուսեց ներկաները, որ հաւատքո՛վ մօտենան Ս. խորանին եւ թողութիւն խնդրեն իրենց մեղքերուն համար եւ այդպէս հաղորդուին՝ նշելով, որ այսպէս «մեր ներսը հաւատքը շատնալով՝ բարիքը կը շատնայ մեր կեանքին մէջ, իսկ Աստուած նոր դուռ մը կը բանայ մեր բոլորին կեանքին մէջ եւ օրհնութիւններով կը լեցնէ մեր օրերը»:
Ակնարկելով լիբանանահայութեան դիմագրաւած ներկայ դժնդակ պայմաններուն՝ սրբազանը խնդրեց բոլոր հաւատացեալներէն, որ աղօթեն Լիբանանի եւ իր ժողովուրդին համար եւ յոյս յայտնեց, որ ամէն ոք իր օգնութեան ձեռքը կ՛երկարէ դեղօրայքի, սնունդի, վառելանիւթի, ելեկտրականութեան եւ տարրական կարիքներու չգոյութեան մէջ իրենց կեանքը քաշքշող Լիբանանի եղբայրներուն ու քոյրերուն, ապա, խօսքը ուղղելով Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի բոլոր անդամներուն ու նուիրեալներուն, շնորհաւորեց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը եւ եկեղեցւոյ կրտսերագոյն հովիւին՝ Մովսէս քհնյ. Շաննագեանին շնորհեց լանջախաչ կրելու իրաւունք, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին արտօնութեամբ:
Յայտնենք, որ առաջնորդը նաեւ նախագահեց Աստուածածնայ վերափոխման տօնին նուիրուած արարողութիւններու եւ ձեռնարկի, որոնք տեղի ունեցան Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ. 11 Օգոստոսին՝ ծիսական արարողութիւն, 13 Օգոստոսին՝ հոգեւոր համերգ, 14 Օգոստոսին՝ Կիրակմուտքի ժամերգութիւն, Նախատօնակ եւ Աղօրհնէք:
Տօնական այս շաբաթը յատկանշուեցաւ առաջնորդին, Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերու եւ հոգաբարձութեան, եկեղեցւոյ ծառայող դպիրներու ու երաժիշտներու, կամաւոր աշխատողներու եւ հաւատացեալ հոծ բազմութեան մը միահամուռ մասնակցութեամբ, որմով հանդիսաւորապէս ոգեկոչուեցաւ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը եւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը:
Աւելցնենք, որ առաջնորդին տնօրինումով, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, եկեղեցւոյ գանձանակին մէջ նոյն օրը հաւատացեալներու կողմէ նետուած դրամական նուէրները ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուին լիբանանահայութեան օժանդակութեան նպատակին՝ իբրեւ լոսանճելըսահայութեան սրտաբուխ եւ գործնական մասնակցութեան մէկ արտայայտութիւն՝ «ձեռքս ձեռքիդ մէջ, լիբանանահայ եղբայր» նշանախօսքին: