ԵՐԵՒԱՆ, «Արեւելք»․- 22-29 Օգոստոսին տեղի ունենալիք «Ծիրանի ծառ» Ուջանի վաւերագրական ֆիլմերու 7րդ միջազգային փառատօնի ծիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ վաստակաւոր ամերիկահայ բեմադրիչ Արա Մածունեանի նոր՝ «Վարպետ Էտի» շարժապատկերի համաշխարհային առաջին ցուցադրութիւնը, կը տեղեկացնէ «Ֆիլմադարան» մշակոյթի զարգացման հասարակական կազմակերպութիւնը։
Լիբանանէն Միացեալ Նահանգներ գաղթած Էտի Յակոբեան 9 տարեկանէն ի վեր կօշիկ կը նորոգէ։ «Եթէ Էտին չկարենայ նորոգել, ուրեմն ոեւէ մէկը չի կրնար», կը պնդեն անոր յաճախորդները։ Թուային արդիականացման այս դարաշրջանին Էտիի արհեստավարժութիւնը եւ մարդասիրութիւնը կը յիշեցնեն համաշխարհային մշակութային փոփոխութեան մասին։ Ան որոշ դժգոհութեամբ կ՛ընդունի իր դրութիւնը, բայց կը համաձայնի, որ բախտը դառն էր։ Cinema verite ոճով նկարուած «Վարպետ Էտի» շարժապատկերը՝ իր խոր գոյութենաբանական պարզութեամբ, կը ներկայացնէ կօշկակարի մը պատմութիւնը՝ մեխ առ մեխ փոխանցելով անոր կենսափիլիսոփայութիւնը։
Արա Մածունեան անկախ արտադրիչ եւ բեմադրիչ է. ան ծնած է Լիբանան, կ՛ապրի Լոս Անճելըս եւ բազմաթիւ խաղարկային ու վաւերագրական շարժապատկերներու, կրթական տեսագրութիւններու եւ գովազդային հոլովակներու հեղինակ է։ «Վարդագոյն Փիղը»՝ անոր անդրանիկ ֆիլմը, արժանացած է Panavision-ի մրցանակին եւ ցուցադրուած է զանազան փառատօներու մէջ։ Ութ տարի շարունակ ան Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի թելեթոնի ուղիղ համաշխարհային հեռարձակման արտադրիչը եղած է ։
Արան տարիներ շարունակ հայ շարժապատկերի մասին դասախօսած է Էմհըրսթ եւ Պրետֆորտ քոլէճներուն մէջ: Ան առաւել քան երեսուն պատկերասփիւռի հոլովակներու եւ ֆիլմերու արտադրիչը եւ բեմադրիչն է։ Արան նաեւ նիւթեր պատրաստած է «Սմիթսոնեըն» հիմնարկի «Իմ Հայաստան» ծրագիրին համար, որ օգտագործելով պատմասանութեան ուժը՝ կը զօրացնէ մշակութային ժառանգութեան պահպանումը։ 2017ին Արան իր ուժերով հրատարակեց «Թռչնոց Բոյն. Պուրճ Համուտի Լուսանկարչական Փորձագրութիւն» գիրքը։