ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»․- Հայ Առաքելական եկեղեցին 15 Օգոստոսին տօնեց Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը։ Տօնը նշուեցաւ նաեւ Թուրքիոյ վերջին հայկական գիւղին՝ Վագըֆի մէջ, կը հաղորդէ sondakika.com-ը։
Բազմաթիւ հաւատացեալներ տօնին մասնակցելու նպատակով հաւաքուեցան Մուսա լերան Վագըֆ գիւղի եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ բակին մէջ, հիւրերուն համար հսկայ կաթսաներու մէջ հարիսա եփուեցաւ։
Արարողութեան ներկայ եղան ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն պատգամաւոր Թուլայ Հաթիմօղլուլլար եւ շարք մը այլ քաղաքական գործիչներ եւ պաշտօնեաներ։